Մշակուած է Իրանի իշխանափոխութեան ծրագիր, որ կը կոչուի «Իրանի բարգաւաճման նախագիծ», յայտարարած է Իրանի թագաժառանգ Ռեզա Փեհլեւին իտալական «Corriere della Sera» թերթին տուած հարցազրոյցին։
Անոր խօսքով՝ ծրագիրը բաղկացած է քանի մը փուլէ, եւ ատոր մշակման մասնակցած է աւելի քան 100 փորձագէտ՝ Իրանէն եւ արտասահմանէն։
Առաջին փուլը կը ներառէ 180 օրով արտակարգ դրութիւն յայտարարելը։ Սա, անոր խօսքով, պիտի ապահովէ ծառայութիւններու եւ անվտանգութեան շարունակականութիւնը։
Յաջորդը կը նախատեսուի կայունացման փուլ, որ կը ներառէ անհրաժեշտ ծառայութիւններու մատուցում եւ տնտեսական վստահութեան» վերականգնում։ Երրորդ փուլը կը ներառէ համազգային ընտրութիւններու կայացում։
«Մենք արդէն ունինք ծրագիր: Մենք տարիներ շարունակ պատրաստուած ենք այս պահին: Սա նախագիծ մըն է, որ ես կը ղեկավարեմ, եւ այն կը ներկայացնէ Իրանի տնտեսական վերականգնման եւ միջազգային հանրութեան անոր վերահամարկման ճանապարհային քարտէզ», - նշած է Փեհլեւին։