image

Էրտողանի՝ ԵՄ-ին ձգտելու գործընթացը չի կրնար Կիպրոսի հարցի հաշուոյն ըլլալ.Յունաստանի վարչապետ

Էրտողանի՝ ԵՄ-ին ձգտելու գործընթացը չի կրնար Կիպրոսի հարցի հաշուոյն ըլլալ.Յունաստանի վարչապետ

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսն ըսած է, որ իր կառավարութիւնը կ'ուզէ լիարժէք օգտուիլ հարեւան Թուրքիոյ հետ բարելաւուող քաղաքական մթնոլորտէն՝ կարգաւորելու երկկողմ յարաբերութիւնները՝ հակառակ տասնամեակներ շարունակուող վէճերուն:

Սակայն Յունաստանի վարչապետն ընդգծած է, որ այդ չի նշանակեր, որ Թուրքիան «էապէս փոխած է» իր դիրքորոշումը երկու երկրի միջեւ հիմնական վէճերու վերաբերեալ, գրած է apnews.com-ը:

Միցոթաքիսն ըսած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ յուլիս 11-12-ին Վիլնիւսի մէջ կայացած ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ժամանակ պայմանաւորուած է՝ նախաձեռնել նոր «հաղորդակցման ուղիներ» եւ պահպանել «հանգստութեան շրջան»։

Կը սպասուի, որ այս տարուան վերջը երկու երկիրներու միջեւ բարձր մակարդակի բանակցութիւնները տեղի կ'ունենան Յունաստանի Սալոնիկ քաղաքին մէջ:

Այնուամենայնիւ, Յունաստանի վարչապետն ըսած է, որ Էրտողանի՝ Եւրոպական Միութեան ձգտելու գործընթացը չի կրնար ըլլալ Կիպրոսի հարցի հաշուոյն. կղզիի մէկ մասը 1974 թուականէն ի վեր բռնագրաւած են թրքական ուժերը:

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսի հետ բանակցութիւններէն ետք Միցոթաքիսը պատմած է, որ ինք Էրտողանին ըսած է, որ թուրք-եւրոպական յարաբերութիւններու բարելաւումը չի կրնար բացառել Կիպրոսի խաղաղութեան համաձայնագիրը, եւ որ հարցը չի կրնար «անտեսուիլ»: