Ամերիկեան նշանաւոր «Wall Street Journal» թերթը դիտարկման առած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի՝ Ծոցի որոշ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նախաձեռնութիւնը:
Հրապարակուած յօդուածին մէջ կը նշուի, որ այդ նախաձեռնութեան իրական պատճառը, աշխարհաքաղաքականէն բացի, կրնայ ըլլալ նաեւ ֆինանսականը:
Կը յիշեցնեն, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնների (ԱՄԷ) հետ յարաբերութիւններուն մէջ եղած լարուածութիւնը հանգուցալուծուած է ԱՄԷ-ի թագաժառանգին՝ Անգարա կատարած այցի ժամանակ, որու ընթացքին կնքուած էր Թուրքիոյ մէջ կատարուելիք ներդրումներու մասին 10 միլիառ տոլարնոց պայմանագիր:
ԱՄԷ-ի թագաժառանգի այցէն յետոյ Քաթար մեկնած Էրտողանը ուղերձ յղած էր առ այն, որ նմանատիպ նախաձեռնութիւն կրնայ ըլլալ նաեւ Իսրայէլի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու հետ: Կը նշուի, որ Թուրքիոյ նախագահը փափաքած է հանդիպիլ այդ օրերին Քաթարի մէջ եղած Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մոհամմատ պըն Սալմանի հետ, սակայն ժամանակացոյցերու անհամապատասխանութեան պատճառով հանդիպումը չէ կայացած:
Տեղեկութիւններ կը շրջանառուին այն մասին, որ Քաթարի միջնորդութեամբ կը շարունակուին բանակցութիւնները Էրտողանի ու Սալմանի հանդիպումը յառաջիկային կազմակերպելու համար։
«Էրդողանին ուզածը, աշխարհաքաղաքական շարժառիթներէն բացի, կրնայ փողը ըլլալ: Տարադրամի ճգնաժամի մեջ գտնուող Թուրքիոյ համար Էրտողանը օգնութիւն կը փնտռէ», եզրակացուցած է WSJ-ի վերլուծաբանը: