image

Էրտողան կը մերժէ արտահերթ ընտրութիւնները

Էրտողան կը մերժէ արտահերթ ընտրութիւնները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան կտրականապէս կը մերժէ ֆինանսական ճգնաժամի կապակցութեամբ երկրին մէջ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու տարբերակը:

Թուրքիոյ ազգային տարադրամը՝ լիրան, անցնող շաբաթներու ընթացքին աննախադէպ արժեզրկուած է, ինչ որ սոցիալական լայնածաւալ բողոքներու պատճառ դարձած է: Կ'ենթադրուի, որ տարադրամի արժեզրկումը Թուրքիոյ կառավարութեան ցուցումներով առաջնորդուող Կեդրոնական դրամատան քաղաքականութեան հետեւանքն է:

Այս շաբաթ լիրան սկսած է վերականգնուիլ այն բանէն ետք, երբ կառավարութիւնը խոստացած է հատուցել դրամատուներուն մէջ ազգային տարադրամով պահուող աւանդներուն կորուստը եւ սատարել գործարարներուն:

«Ես կը յայտարարեմ, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան նախատեսուած ժամկէտին՝ 2023 թուականի Յունիսին: Որեւէ արտահերթ ընտրութիւն պիտի չըլլայ, ես վերջակէտ կը դնեմ այս հարցին», ըսած է Էրտողան «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին ընթացքին: