Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ մարդկութեան ճակատագիրը պէտք չէ թողնել Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը յաղթած «բուռ մը» երկիրներու ողորմածութեան:
Խօսելով համաշխարհային համակարգին մէջ առկայ անհաւասարութիւններուն մասին՝ Էրտողան ընդգծած է, որ «աշխարհը հինգէն աւելին է», այսինքն՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ հինգ երկիրներէն, որոնք անոր կազմին մէջ մտած են որպէս երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի յաղթողներ:
«Մարդկութեան ճակատագիրը կարելի չէ թողել Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը յաղթած բուռ մը երկիրներու ողորմածութեան,- ըսած է թուրք առաջնորդը՝ ելոյթ ունենալով Անկոլայի խորհրդարանին մէջ այդ երկիր կատարած այցի ժամանակ:- Մինչ աշխարհը եւ մեր կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտները կը փոխուին, իսկ դիւանագիտութիւնը, առեւտուրը եւ միջազգային յարաբերութիւնները կտրուկ փոխակերպումներու կ'ենթարկուին, անհնարին է, որպէսզի համաշխարհային անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը մնայ նոյնը», յաւելած է ան: