image

էրիք Իսրայէլեանը աշխարհի ախոյեան

էրիք Իսրայէլեանը աշխարհի ախոյեան

Էրիք Իսրայէլեանը տպաւորիչ յաղթանակով նուաճեց երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը:

Սպանիոյ մէջ աւարտուող բռնցքամարտի աշխարհի երիտասարդական առաջնութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Էրիք Իսրայէլեան 60 քկ. քաշայիններու եզրափակիչին 5:0 հաշւով յաղթեց Վրաստանի ներկայացուցիչ Կոչա Կորտուլաւային:

18-ամեայ բռնցքամարտիկը բոլոր երեք մրցաշրջաններուն մեծ առաւելութեամբ մենամարտեցաւ եւ մրցակիցին որեւէ հնարաւորութիւն չտուաւ:

Կիսաեզրափակիչին Եւրոպայի երիտասարդներու գործող ախոյեանը 5:0 հաշուով յաղթած էր անգլիացի Նելսոն Պիրչարիին: