Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման հարցով յանձնաժողովները փոխադարձաբար առաջարկներ ներկայացուցած են, թէ որ հատուածին մէջ շարունակել սահմանազատումը: Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Սահմանազատման յանձնաժողովները փոխադարձաբար առաջարկներ են ներկայացրել, թէ որ հատուածներում շարունակել սահմանազատումը: Հայաստանն իր մօտեցումն է ներկայացրել, Ադրբեջանը՝ իր: Յաջորդ հանդիպման ժամանակ կ՚որոշուի, թէ որ հատուածում սահմանազատումը շարունակենք»,- նշած է ան:
Փաշինեանն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի մէջ տեղի կ՚ունենայ մեծ միջազգային համաժողով՝ COP29-ը, եւ կառավարութեան անդամները կեդրոնացած են ատոր վրայ:
«Ենթադրում եմ, գոնէ ըմբռնումն այն է, որ COP29-ի ամփոփումից յետոյ գործընթացները կը շարունակուեն»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը: