Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն նախընտրելիները կը շարունակեն մնալ Տիգրան Աւինեանն ու Հայկ Մարութեանը։ Սա ցոյց կու տան 800 երեւանցիներու կողմէ կատարուած հարցումները։
7 սեպտեմբերի ասուլիսի ժամանակ «GALLUP International association»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան ամփոփած է սեպտեմբեր 5-6–ի կատարուած հարցումները։
Այսպիսով` հարցման մասնակցածներու 16,3 տոկոսը պիտի քուէարկէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան (Տիգրան Աւինեան), 11,8 տոկոսը` «Ազգային առաջընթաց կուսակցութեան» (Հայկ Մարութեան), 5,1 տոկոսը` «Մայր Հայաստան» դաշինքի (Անդրանիկ Թեւանեան), 3,4 տոկոսը` «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան (Արտակ Զեյնալեան), 3,6 տոկոսը` «Հանրային ձայն» կուսակցութեան (Արտակ Գալստեան), 3,8ւտոկոսը` «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան (Մանէ Թանդիլեան), 3,3 տոկոսը` «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան (Դաւիթ Խաժակեան), 2,7 տոկոսը` «Յաղթանակ» կուսակցութեան (Վիքթոր Մնացականեան) օգտին։
Մնացած տոկոսները բաշխուած են մասնակից միւս ուժերու միջեւ։ 22,8 տոկոսը դժուարացած է պատասխանել, իսկ 20 տոկոսն ալ հրաժարած է յայտնելէ, թէ որու օգտին պիտի քուէարկէ։
«Այս ցուցանիշը, որ հրաժարւում են պատասխանել, բաւականին բարձր է, մարդիկ դարձել են աւելի փակ, չեն ուզում կիսուել, մի գուցէ քաշւում են, մի գուցէ վախենում են»,– նշած է Նաւասարդեան։
Ի դէպ, հարցման մասնակիցներու 55,3 տոկոսն ըսած է, որ 17 սեպտեմբերին անպայման պիտի երթան քուէարկութեան, ընտրութիւններուն չմասնակցելու որոշում կայացուցած է 19,3 տոկոսը, հարցին դժուարացած է պատասխանել 3,3 տոկոսը։
Յիշեցնենք, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 17 սեպտեմբերին:
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած է 13 կուսակցութիւն եւ 1 դաշինք: