Երեւանի փոխքաղաքապետ Գէորգ Սիմոնեանը ազատ արձակուած է։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Երեւանի աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Աշոտ Սարգսեանը։
Յիշեցնենք, որ, ըստ Հակակոռուպցիոն կոմիտէի, այն ժամանակ Առողջապահութեան փոխնախարար եղած Սիմոնեանը, պատասխանատու ըլլալով պետական ֆինանսաւորման բաշխման համար, քաւոր-սանիկական կապ ունենալով «Մետլայն կլինիկա»ի տնօրէնի հետ, բաւարար վերահսկողութիւն չէ իրականացուցած, որու հետեւանքով Բաբգէն Շահումեանը յափշտակած է շուրջ 120 միլիոն դրամ։
Ըստ իրաւապահներու՝ պատասխանատուները բուժուողներու վերաբերեալ «Մեդլայն կլինիկա»ի տրամադրած կեղծ տուեալները չեն համադրած բուժառուներու փաստացի առողջական վիճակի հետ ու չեն արձանագրած անհամապատասխանութիւնները: Մարտ 10-ին ԱԱԾ-ն խուզարկութիւն իրականացուցած էր փոխքաղաքապետ Գէորգ Սիմոնեանի աշխատասենեակին մէջ։ Ան աւելի ուշ ձերբակալուած էր, ապա Հակակոռուպցիոն դատարանը, նախագահութեամբ դատաւոր Սուրէն Խաչատրեանի, մարտ 12-ին Գէորգ Սիմոնեանը կալանաւորելու որոշում կայացուցած էր:
Այս գործով կ'անցնի 11 բուժաշխատող, որոնցմէ 8-ի ձերբակալման ժամկէտը լրացած էր, եւ անոնք ազատ արձակուած են: