Օրերս, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է վերջերս լոյս տեսած՝ «Զահրատ։ 100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուի շնորհանդէսը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան երեւանեան գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին համագործակցութեամբ քանի մը օր առաջ լոյս տեսաւ «Զահրատ։ 100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուն, իսկ երէկ, 10 Հոկտեմբերին, Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ սարքուեցաւ ժողովածուին շնորհանդէսը։
Շնորհանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, որ շեշտեց Զահրատի իւրայատուկ տողն ու գիրը պոլսահայ գրականութեան մէջ։
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով ներկաներուն ողջոյնի խօսք յղեց կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան։
Զահրատ բանաստեղծի մասին իր սրտի խօսքը ըսաւ գրականագէտ, այս ժողովածուի կազմող Սուրէն Դանիէլեան։ Ան շեշտեց, որ Զահրատը կը գրէր մարդու մասին՝ տառապող մարդու մասին։ Նշեց որ բոլորս ալ Զահրատի ստեղծագործութիւններուն տիպարներն ենք՝ տառապող, մենութիւն ու երկուութիւն ապրող մարդու տեսքով։ Ուստի՝ Զահրատը կ'ապրի բոլորիս մէջ։
Խօսք ըսին նաեւ գիրքի խմբագիր, գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեանը, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը, գրականագէտ Նոնա Դաւթեանը։
Շնորհանդէսի ժամանակ Զահրատի երգի վերածուած բանաստեղծութիւնները կատարեց ամերիկահայ երգիչ, թարգմանիչ Պերճ Թիւրապեան։
Բանաստեղծի ստեղծագործութիւններէն ընթերցումներ կատարեցին դերասան Արամ Կոստանեան եւ ասմունքող Գայիանէ Սամուէլեան։
Ձեռնարկը ամփոփուեցաւ գրադարանի տնօրէն Ռուզաննա Բարսեղեանի խօսքով։
Նշենք, որ գիրքը լոյս ընծայուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեանի հովանաւորութեամբ, որուն միացած են նաեւ Պերճ եւ Անահիտ Թիւրապեանները, Արթօ եւ Զապէլ Խրիմեանները եւ Լենա Օհաննէսեան-Սթրիթըր։