image

Երեւանի մէջ օդապարիկը յայտնուած է Հրազդանի կիրճի մէջ․ Shamshyan.com

Երեւանի մէջ օդապարիկը յայտնուած է Հրազդանի կիրճի մէջ․ Shamshyan.com

Այսօր՝ 14 հոկտեմբերին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ժամը 10:20-ի սահմաններուն Հրազդանի կիրճի մէջ՝ Քանաքեռ ջրաելեկտրակայանի մօտակայքը օդապարիկ արգելափակուած է:

Ինչպէս յայտնած է shamshyan.com-ը, դէպքի վայր ժամանած են ՀՀ ներքին գործերու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Երեւանի թիւ 5-րդ հրշէջ փրկարարական ջոկատէն 1 մարտական հաշուարկ:

Պարզուած է, որ փրկարարներու օգնութեան կարիք չկայ. օդապարիկի մէջ առաջացած է վառելիքի խնդիր, որու պատճառով ալ օդապարիկն անվտանգ վայրէջք կատարած է:

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ օդապարիկի մէջ գտնուող քաղաքացիներուն օգնութեան հասած են յատուկ մասնագէտները, որոնք վառելիք փոխանցած են: