image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ մեծ արկած.Կան տուժածներ

Երեւանի մէջ մեծ  արկած.Կան տուժածներ

6 Նոյեմբերին, ժամը 16։38-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ Երեւանի Դաւիթ Անյաղթի փողոցի թիւ 8 շէնքի մօտակայքը տեղի ունեցած է ճանապարհային պատահար,  բախուած են 2 ինքնաշարժներ եւ կան տուժածներ։

Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ Փրկարար Ծառայութեան Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական միաւոր։

Պարզուած  է, որ բախուած են «BMW 750» (վարորդի տուեալները դեռ յստակ չէ) եւ «Acura» (վարորդ՝ Է․ Ա․ 1979-ի ծնունդ) մակնիշներու ինքնաշարժները։

Փրկարարները հոսանքազրկած են ինքնաշարժները եւ «BMW 750» մակնիշի ինքնաշարժի ուղեւորները (Ա․ Ժ․ 1994-ի ծնունդ, Ն․ Հ․ 1989-ի ծնունդ, եւ Լ․ 1994-ի ծնունդ) շտապօգնութեան ինքնաշարժով փոխադրած են «Միքայէլեան վիրաբուժութեան հիմնարկ», իսկ «Acura» մակնիշի ինքնաշարժի վարորդը՝ «Իզմիրլեան» Բժշկական Կեդրոն։