Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին դեկտեմբեր 24-28-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ԱԻՆ մամուլի ծառայութիւնը։
Հաղորդագրութեան համաձայն` մինչեւ դեկտեմբեր 28–ը գիշերային ժամերուն եւ առաւօտեան Արարատեան դաշտին մէջ կը սպասուի մառախուղ։
Քամին՝ հարավարևելյան` 2-5 մ/վ:
Օդի ջերմաստիճանն էապէս պիտի չփոխուի:
Եղանակը Հայաստանի մէջ.-
Երեւան քաղաքի մէջ դեկտեմբեր 24-28-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ, գիշերը եւ առաւօտեան` մառախուղ:
Այսօր ցերեկային ժամերուն մայրաքաղաքին մէջ կը դիտուի +5...+7 տաքութիւն, յառաջիկայ գիշերը` -1...-3 աստիճան ցուրտ։