image

Երեւանի մէջ. Գիշերը հրդեհ բռնկած է Փուշքինի փողոցին մէջ գտնուող De angelo սրճարանի բացօթեայ հատուածին մէջ

Երեւանի մէջ. Գիշերը հրդեհ բռնկած է Փուշքինի փողոցին մէջ գտնուող De angelo սրճարանի բացօթեայ հատուածին մէջ

Գիշերը հրդեհ բռնկած է Փուշքինի փողոցին վրայ գտնուող De angelo սրճարանի բացօթեայ հատուածին մէջ:

Աւելի վաղ ՆԳՆ փրկարար ծառայութիւնը յայտնած էր, որ յուլիս 13-ին՝ ժամը 03:32-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի Փուշքինի եւ Կողբացիի փողոցներու խաչմերուկին վրայ գտնուող սրճարաններէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է։

Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է Փուշքինի փողոցի վրայ գտնուող սրճարանի բացօթեայ հատուածին մէջ։

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 03:44-ին, մարած՝ 04:00-ին։ Այրած են երեք պատուհան եւ գոյքը՝ մասամբ։