Երեւանի աւագանին այսօր՝ Դեկտեմբեր 22-ին արտահերթ նիստ հրաւիրած է, որու օրակարգին միայն մէկ հարց է՝ «Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու մասին» Երեւան քաղաքի աւագանիի որոշման նախագիծը: Նախագիծով կ'առաջարկուի Երեւանի քաղաքապետ ընտրել փոխքաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը: Նիստը կը վարէ Հայկ Մարութեանը:
Նշենք, որ երէկ նախատեսուած էր Երեւանի աւագանիի հերթական նիստը, որու օրակարգին մէջ 38 հարց էր, սակայն «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը պոյքոթեց նիստը եւ այն չկայացաւ:
Յիշեցնենք, որ Երեւանի աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը ստորագրահաւաք իրականացուցած է Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու հարցով: Այդ նախաձեռնութեան կողմ արտայայտուած է ԲՀԿ խմբակցութիւնը, իսկ «Լոյս» խմբակցութենէն միայն Անի Խաչատրեանը: Բացի այդ, «Իմ քայլը» խմբակցութենէն մի քանի անդամներ դէմ արտայայտուած են այդ նախաձեռնութեան եւ վայր դրած մանտաթները: