image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի 2 վարչական շրջաններու մէջ փոշիի պարունակութիւնը գերազանցած է թոյլատրելի սահմանը

Երեւանի 2 վարչական շրջաններու մէջ փոշիի պարունակութիւնը գերազանցած է թոյլատրելի սահմանը

«Հիդրոօդերեւութաբանութեան եւ մոնիթորինգ»ի կեդրոնը ներկայացուցած է Երեւանի մէջ մթնոլորտային օդի որակը սեպտեմբեր 17-23-ը:

Փոշիի պարունակութիւնը գերազանցած է սահմանային թոյլատրելի խտացումը․

◾️ Կեդրոնի մէջ՝ սեպտեմբեր 18-ին և 23-ին,

◾️ Շէնգաւիթի մէջ՝ սեպտեմբեր 21-23-ը,

◾️ Նոր Նորքի մէջ՝ չէ գերազանցած,

◾️ Արաբկիրի մէջ՝ չէ գերազանցած:

Ազոթի երկօքսիտի պարունակութիւնը գերազանցած է սահմանային թոյլատրելի խտացումը․

◾️ Նոր Նորքի մէջ՝ սեպտեմբեր 17-ին, 19-21-ը եւ 23-ին,

◾️ Արաբկիրի մէջ՝ սեպտեմբեր 18-ին, 20-ին եւ 22-ին,

◾️ Շէնգաւիթի մէջ` սեպտեմբեր 23-ին,

◾️ Կեդրոնի մէջ՝ չէ գերազանցած։

Ծծումբի երկօքսիտի պարունակութիւնը չէ գերազանցած սահմանային թոյլատրելի խտացումը։