Վրաստանի մէջ 9 մարտին, ցուցարարները վերսկսած են բողոքի ցոյցերը եւ հաւաքուած խորհրդարանի դիմաց։
Տեղական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ ցուցարարներու մէկ մասը փակած է մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող Ռուսթաւելի պողոտան։
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին կրկին աջակցած է ցուցարարներուն։
Իսկ Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութիւնը խորհուրդ տուած է ռուս զբօսաշրջիկներուն զերծ մնալ Վրաստան ուղեւորութիւններէն։
Նշենք, որ արդէն երրորդ օրն է ցոյցերը չեն դադրիր։ Քաղաքացիներու դժգոհութեան պատճառը օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքն է, որ, սակայն, արդէն ետ կանչուած է խորհրդարանին կողմէ: