Վարպետութիւնն ու դժուարը սակայն ուրիշները հաւատացնելու մէջ չէ՛, այլ... սեփական սուտին հաւատալուն մէջ է, որովհետեւ անոնցմէ շատեր ուրիշները համոզելու կողքին համոզած են նաեւ իրենք իրենց անձերը. անոնցմէ հարցազրոյցի մը ընթացքին համոզուած ձեւով կը պատմէ Աստուծոյ հետ ունեցած իր ճեմելուն եւ զրոյցին մասին. ի՜նչ բախտաւորութիւն. դուք ալ չէի՞ք ուզէր Աստուծոյ հետ շրջիլ եւ գուցէ քաղաքականութեան եւ կամ ստեղծագործութեան մասին խօսիլ, գուցէ քննարկել Աբրահամի ըրածներն ու Յակոբի եղբօր հանդէպ անարդարութիւնը, վերջապէս Աստուած զրոյցի համար մարդ կը փնտռէ չէ՞...:
Յանկարծ տեսայ թէ Սողոս կը մեկնի դէպի Դամասկոս՝ որպէսզի զիս հաւատացողները բերէ Երուսաղէմ: Զայրացայ եւ այդ զայրոյթիս իբր հետեւանք երկիրնքը փայլատակեց. Սողոս գետին ինկաւ ու ալ լռութիւնս խզեցի. «Սաւուղ, Սաւուղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես» ըսի: Զարմացած հարցուց ով ըլլալս. ա՛լ պահելու կարիքը չի՛ կար. «Ես Յիսուսն եմ» ըսի ու երբ տեսայ թէ խօսքով հասկնալու շատ ալ միտք չունի տեսողութիւնը խաբանեցի: Վերջը մեղքացայ Անանիային պատուիրեցի որ Ուղիղ կոչուող փողոցը երթայ եւ գտնէ Սողոսը...:
Մնացածը հաւանաբար պատմեմ ապագային լոյս տեսնելիք Աւետարանիս էջերուն մէջ այն վստահ համոզումով, որ անպայմանօրէն Յիսուս Քրիստոս ըլլալուս հաւատացողներ կը գտնուին, որովհետեւ ներկայ աշխարհի մէջ այդ մէկը անկարելի բան մը չէ. դուրս եկէ՛ք հրապարակ եւ դուք ձեզ Յիսուս, հրեշտակ եւ կամ որպէս այլ աներեւակայելի մէկը ներկայացուցէք եւ տեսէք թէ անպայմանօրէն հաւատացողներ պիտի ըլլան: Եւ այս մէկը չափազանցութիւն մը չէ, որովհետեւ մենք տեղեակ ըլլանք թէ ո՛չ, այսօր աշխարհի վրայ կը գտնուին բազմաթիւ Յիսուսներ, որոնցմէ մին՝ ի զարմանս միւսներուն թուրք է եւ յանկարծ չի մտածէք թէ խենթ մըն է, որովհետեւ ունի հետեւորդներ, որոնք նոր տարուան ընթացքին տարեդարձի կարկանդակի մը շուրջ հաւաքուած «Բարի Տարեդարձ Յիսուս» մը կ'երգեն:
Ի տարբերութիւն 2,000 տարի առաջ ապրող Յիսուսին, մերօրեայ Յիսուսները լեռան վրայ քարոզ տալու փոխարէն համացանցի էջերուն մէջ գրառումներ կը կատարեն (նոյնը պիտի չընե՞ր Յիսուս 5,000 հոգի անօթի վիճակով մէկ տեղ հաւաքելու փոխարէն` հինգ հաց եւ երկու ձուկը հինգ հազար կտորներու յոգնութիւնը զանց ընելու սիրոյն):
Աշխարհի պատմութեան ընթացքին բազմահազար մարդիկ իրենք զիրենք ներկայացուցած են որպէս Յիսուս Քրիստոս, սակայն անոնց մէջ կան թեկնածուներ, որոնք յաջողած են իրենց անունը պատմութեան էջերուն մէջ անմահացնել, օրինակի համար 1607 թուականին ծնած Արիս Էվանսը, որ իր Քրիստոս ու մարգարէ ըլլալը յաջողած էր համոզել մինչեւ իսկ թագաւորին եւ ապա կեանքի վերջաւորութեան իր «Քրիստոս» ըլլալուն պատճառով ձերբակալուած ու բանտարկուած էր:
Առ ի գիտութիւն, ներկայիս կենդանի Քրիստոսներ ունինք Պրազիլի, Հարաւային Ափրիկէի, Սիպիրի, Անգլիոյ, Թոքիոյի, Զամպիոյ, Ավստրալիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ.-
* Պրազիլցի Քրիստոսը իր նախքան Քրիստոսանալը եղած է առաքիչ, վաճառող, մատուցող եւ հացթուխ:
* Հարաւային Ափրիկէի Քրիսոտսը նախքան Քրիստոսանալը եղած է ոսկիի վաճառական:
* Սիպիրի Քրիստոսը միւսներէն կը տարբերի անով, որ ունի աւելի քան 10,000 հետեւորդ՝ իր Քրիստոս ըլլալուն հաւատացող եւ զինք «պաշտող»:
* Անգլիոյ Քրիստոսը նախքան Քրիստոսանալը եղած է զինուորական ծառայող եւ պետական պաշտօնեայ եւ յանկարծ 2007 թուականին դարձած է Աստուծոյ Որդին:
* Թոքիոյի Քրիստոսը նախքան Քրիստոսութեամբ զբաղուիլը եղած է քաղաքական գործիչ:
* Զամպիոյ Քրիստոսը կարծես ամենէն վերջիններէն է, որովհետեւ Քրիստոսացած է 2013 թուականին եւ աւելի քան տասը տարի կը Քրիստոսագործէ:
* Աւստրալիոյ Քրիստոսը միւսներուն հակառակ աւելի արդիականացած է՝ որովհետեւ Քրիստոսութեան կողքին ան նաեւ համակարգիչի մասնագէտ է. անոր յատկանշական խօսքերէն մէկը հետեւեալն է. «առաջին անգամ երկիր-աշխարհ եկանք 2,000 տարիներ առաջ»:
* Թուրիոյ Քրիստոսը նախքան Քրիստոսանալը Թոքիոյի Քրիստոսի նման զբաղուած է քաղաքականութեամբ եւ յանկարծ օր մըն ալ տեղեկացած է որ Քրիստոսը ի՛նք է եւ նոյնիսկ երազի մը մէջ տեսած է թէ Մուհամմէտն ու միւս հրեշտակները իր քովը նստած ենք՝ ինք փառքի աթոռին վրայ:
Վերոյիշեալ բոլորը նկատի ունենալով, առանց նկատի առնելով ձեր ներկայ պաշտօնն ու գործունէութիւնը, դո՛ւք եւս կրնաք դուք ձեզ Քրիստոս անուանել (ձեր ի՞նչը պակաս է Թոքիոյի կամ Պրազիլի Քրիստոսներէն) եւ երբեք չի՛ մտածէք, աշխարհի վրայ հաւատալու պատրաստ յիշարներն ու տխմարները անհամար են. անպայման որ «հաց» մը կը գտնէք այդտեղ:
Վարպետութիւնն ու դժուարը սակայն ուրիշները հաւատացնելու մէջ չէ՛, այլ... սեփական սուտին հաւատալուն մէջ է, որովհետեւ անոնցմէ շատեր ուրիշները համոզելու կողքին համոզած են նաեւ իրենք իրենց անձերը. անոնցմէ հարցազրոյցի մը ընթացքին համոզուած ձեւով կը պատմէ Աստուծոյ հետ ունեցած իր ճեմելուն եւ զրոյցին մասին. ի՜նչ բախտաւորութիւն. դուք ալ չէի՞ք ուզէր Աստուծոյ հետ շրջիլ եւ գուցէ քաղաքականութեան եւ կամ ստեղծագործութեան մասին խօսիլ, գուցէ քննարկել Աբրահամի ըրածներն ու Յակոբի եղբօր հանդէպ անարդարութիւնը, վերջապէս Աստուած զրոյցի համար մարդ կը փնտռէ չէ՞...:
Վերջապէս երեւակայելն ու ձաբռտելը ձրիաբար տրուած է մարդուն եւ այս առիթը օգտագործելով Յիսուս Քրիստոս մըն ալ դուք կրնաք դառնալ... ամօթ չէ՞ մեզի, որ մէկ հատ Հայ Յիսուս մը չունենանք...
Հրայր Տաղլեան