Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր եւ Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Նաչօ Սանչէս Ամոր խիստ մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի ընկերային ցանցերուն մէջ արտայայտուած կարծիքներու համար մարդիկ կալանաւորելու դէպքերուն կապակցութեամբ՝ զգուշացնելով, որ նման գործելաոճը հետագայ տարիներուն խստօրէն պիտի զննուի Եւրոմիութեան կողմէ։
Երեւանի մէջ ընթացող «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստի ընթացքին իր ելոյթին մէջ Սանչէս Ամոր ընդգծած է, որ թէեւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը բարդ է, իշխանութիւնները չեն կրնար անտեսել ներքին ժողովրդավարական խնդիրները։
«Ոչ ոք կրնայ երթալ Պրիւքսէլ եւ ըսել «Ես կը տառապիմ արտաքին վտանգէ»», – ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ եթէ Հայաստան կը յաւակնի ԵՄ «թեկնածու պետութիւն ըլլալ», իշխանութիւնները պէտք է «շատ ուշադիր նային» այս գործընթացներուն։
Եւրոպացի պատգամաւորը քննադատած է տասնեակ ոստիկաններու կողմէն մարդիկ կալանաւորելու փորձը՝ տարբերակում դնելով յանցագործութիւններու (օրինակ՝ կաշառք) եւ զուտ կարծիքի արտայայտման միջեւ։
«Զգոյշ եղէ՛ք, որովհետեւ մենք շատ լաւ գիտենք, ինչ տեղի կ'ունենայ, երբ դուք կը սկսիք մեղադրել եւ հետապնդել մարդիկ՝ պարզապէս ընկերային ցանցերու մէջ որեւէ բան գրելու համար», – ըսած է Սանչէս Ամոր։
Ան նշած է, որ ժողովրդավարութեան պայմաններու մէջ մարդուն կարելի չէ «վտանգաւոր» պիտակաւորել միայն ենթադրութեան կամ կարծիքի հիման վրայ, այլ պէտք է անոր կանչել դատարան։
Սանչէս Ամոր այս գործելաոճը կապած է «խորհրդային իրաւական համակարգի ժառանգութեան» հետ՝ նկարագրելով այն իբրեւ «նախ ուղարկենք բանտ, յետոյ կը տեսնենք» սկզբունքով։
Միեւնոյն ժամանակ, ան նշած է, որ տեղեակ է ՀՀ արդարադատութեան նախարարի՝ «այս պատմական ժառանգութեան դէմ պայքարելու» փորձերուն մասին։
Զեկուցողը եզրափակած է՝ վերահաստատելով, որ ԵՄ-ն «խորապէս պիտի զննէ նման բաները», երբ քննարկուի Հայաստանին վերաբերող հարցեր։