Եւրոմիութիւնը 270 միլիոն եւրօ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին յառաջիկայ 4 տարուան կտրուածքով։ Այդ մասին այսօր՝ ապրիլ 5-ին, Պրիւքսէլի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ եռակողմ հանդիպումէն առաջ յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը։
«Ներդրում պիտի ընենք Հայաստանի տնտեսութեան մէջ՝ այն զարգացնելու եւ դիմակայուն դարձնելու նպատակով։ Մենք պիտի աջակցինք ձեր փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն։ Մենք պիտի կարողանանք օգնել անոնց զարգանալ եւ նոր շուկաներ մուտք գործել»,-ըսած է ան։
Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը ողջունած է Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանին ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման հարցով։
Անոր խօսքով՝ Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու խնդիրներն առաջնահերթութիւն են։ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը յիշեցուցած է, որ այս նպատակով ԵՄ-ն արդէն 30 մլն եւրօ տրամադրած է․ «Մենք պատրաստ ենք ընելու աւելին երկարաժամկէտ կտրուածքով փախստականներու համարկման համար»։