Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է Եւրոխորհրդարանի բանաձեւը, որով կ՚առաջարկուի դիտարկել Հայաստանին՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու հնարաւորութիւնը:
Եւրոպական խորհրդարանը 13 մարտին ընդունած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ աւելի սերտ կապերու եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւը։ Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Բոլոր խմբակցութիւնների աջակցութիւնը ստացած այս փաստաթուղթն ընդունուել է 504 կողմ, 4 դէմ, 32 ձեռնպահ ձայներով։ Բանաձեւը 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ անսասան աջակցութիւն է արտայայտում Հայաստանի Հանարպետութեան ինքնիշխանութեանը, տարածքային ամբողջականութեանն ու անկախութեանը։ Նաեւ աջակցութիւն է յայտնում ՀՀ-ի ու Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան ջանքերին։ Այս բանաձեւով ԵԽ-ն արձանագրել է ՀՀ-ի ձեռքբերմուները ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, կոռուպցիայի դէմ պայքարի ոլորտում, ինչը չափազանց կարեւոր է մեր երկրի միջազգային ընկալման համար»,- ըսած է Փաշինեանը։
«Կարծում եմ, որ այն Հայաստանում հանրային քննարկման առարկայ պէտք է դառնայ։ Սա եւս մէկ առիթ է քննարկելու ՀՀ ապագայի տեսլականը եւ յոյս ունեմ, որ քաղաքական ուժերը, հասարակական կազմակերպութիւնները, հանրութեան տարբեր շերտեր, քաղաքացիներ վերաբերմունք կ՚արտայայտեն Եւրոպական խորհրդարանից հնչող այս ուղերձի վերաբերեալ, որովհետեւ նման ուղերձներ ունեն շատ աւելի լայն արձագանգի կարիք, քան կառավարութիւնը կամ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը»,- կառավարութեան մարտ 14-ի նիստին ըսած է Փաշինեանը։
Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է շարունակելու աշխատանքները Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ խորացման եւ զարգացման ուղղութեամբ։
«Բանաձեւը մէջբերել է նախորդ տարի հոկտեմբերի 17-ին Եւրոպական խորհրդարանի ամբիոնից իմ արած յայտարարութեանը, թէ Հայաստանը պատրաստ է այնքան մօտ լինել Եւրամիութեանը, ինչքան Եւրամիութիւնը դա հնարաւոր կը համարի՝ արձանագրելով, որ եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ցանկանայ Եւրամիութեան անդամութեան թեկնածու դառնալու յայտ ներկայացնել, Եւրամիութեան ինստիտուտները պէտք է աջակցեն»,- նկատած է ան։