image

ԵԽԽՎ-ն մտահոգ ընդդիմադիր գործիչ՝ Աւետիք Չալաբեանի դէմ յարուցուած քրէական գործով

ԵԽԽՎ-ն մտահոգ ընդդիմադիր գործիչ՝ Աւետիք Չալաբեանի դէմ յարուցուած քրէական գործով

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մշտադիտարկման յանձնաժողովը զեկոյց հրապարակած է Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման վերաբերեալ, որուն մէջ, ի թիւս այլոց, յատուկ անդրադարձ կայ նաեւ «Հայաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալաբեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործին։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Հայաքուէ» նախաձեռնութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ զեկոյցը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ առ այն, որ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 236-րդ յօդուածի դրոյթներն օգտագործուած են ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Աւետիք Չալաբեանը պատժելու նպատակով՝ 2022 թուականին ընդդիմութեան հաւաքներուն մասնակցելու համար ուսանողները «նիւթապէս շահագրգռելու» մեղադրանքով։

Չալաբեան երկուքուկէս տարիով զրկուած է հաւաքներ կազմակերպելու եւ այլ հրապարակային միջոցառումներուն կամ հաւաքներուն մասնակցելու, ինչպէս նաեւ՝ բնակութեան վայրը փոխելու իրաւունքէ, որ ակնյայտօրէն քաղաքական շարժառիթով եղած հետապնդում է անոր նկատմամբ:

ԵԽԽՎ համազեկուցողները նկատած են, որ տուեալ պարագային բողոքի ցոյցերը կապուած չէին ընտրարշաւի հետ, այլ ընդամէնը կը պահանջէին Փաշինեանի հրաժարականը։ Հետեւապէս՝ ենթադրեալ արարքը եւս ընտրարշաւի ֆինանսաւորման հետ կապուած չէր:

Խաղաղ հաւաքներու ազատութեան եւրոպական ուղեցոյցի համաձայն՝ հաւաքներուն մասնակցելու նման խրախուսումը չի կրնար քրէականացուիլ, եւ քրէական օրէնսգիրքի կիրառումն այս պարագային ոչ իրաւաչափ է։

Նման պատիժն, անշուշտ, արհեստական խոչընդոտ է հաւաքներու կազմակերպման համար, այստեղ առկայ է նաեւ օրէնքի կամընտրական կիրառման վտանգ։

Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէն եւ Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոնն իրենց համատեղ զեկոյցին մէջ ՀՀ կառավարութեան կոչ ըրած էին Քրէական օրէնսգիրքի այս յօդուածի փորձագիտական եզրակացութեան համար դիմել Վենետիկի յանձնաժողով։ ԵԽԽՎ համազեկուցողները եւս նշած են, որ նման պարզաբանման կարիք իսկապէս կայ, ուստի հարցն այժմ կը գտնուի ՀՀ Կառավարութեան դաշտի մէջ, որու նախաձեռնութեամբ ՀՀ Ազգային ժողովը 2022 թ. յունիսին այս վիճայարոյց եւ փաստացի հակաժողովրդավարական փոփոխութիւնը իրականացուցած է ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքին մէջ: