Եգիպտոսի Ներքին Գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ղպտի եկեղեցւոյ պայթումի իրագործման «գլխաւոր դերակատարներէն մին» հանդիսացող կասկածեալը, կը գրէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:
Ըստ նախարարութեան յայտարարութեան, ձերբակալուած Քարամ Ահմատ Ապտ Ալ Աալ փախուստի դիմած երկու մեղադրեալներէն մէկն է, մինչ երկրորդ մեղադրեալը՝ Մուհապ Ալ Սայէտ Քասէմ դեռ ազատութեան մէջ կը գտնուի:
Բացի նշուածներէն, երկրի անվտանգութեան ուժերը ձերբակալած են նաեւ երեք այլ անձեր, որոնք կը կասկածուին ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ այլ պայթումներ ծրագրելու մէջ: