image

Եգիպտոսի մէջ ձերբակալուած է ղպտի եկեղեցւոյ պայթումի գլխաւոր կասկածեալներէն մէկը

Եգիպտոսի մէջ ձերբակալուած է ղպտի եկեղեցւոյ պայթումի գլխաւոր կասկածեալներէն մէկը

Եգիպտոսի Ներքին Գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ղպտի եկեղեցւոյ պայթումի իրագործման  «գլխաւոր դերակատարներէն մին» հանդիսացող կասկածեալը, կը գրէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:

Ըստ նախարարութեան յայտարարութեան, ձերբակալուած Քարամ Ահմատ Ապտ Ալ Աալ փախուստի դիմած երկու մեղադրեալներէն մէկն է, մինչ երկրորդ մեղադրեալը՝ Մուհապ Ալ Սայէտ Քասէմ դեռ ազատութեան մէջ կը գտնուի:

Բացի նշուածներէն, երկրի անվտանգութեան ուժերը ձերբակալած են նաեւ երեք այլ անձեր, որոնք կը կասկածուին ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ այլ պայթումներ ծրագրելու մէջ: