image

Եգիպտահայոց մասին ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Գահիրէի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին

Եգիպտահայոց մասին ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Գահիրէի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին

Եգիպտահայոց մասին նկարահանուած «Մենք Եգիպտացի… Հայեր Ենք» վաւերագրական ժապաւէնը, զոր բեմադրած եւ արտադրած է Վահիտ Սոպհի, Գահիրէի Սինեմայի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ առաջին անգամ կը ցուցադրուի Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբերի երեկոյեան, ժամը 6:30ին, օփերայի տան շրջափակին մէջ գտնուող «Էլ Հանակեր» ցուցադրասրահին մէջ:

Այնուհետեւ, Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբերի երեկոյեան պիտի ցուցադրուի «Օտէոն 2» սինեմային մէջ, իսկ Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, «Օտիոն 3»ի մէջ: