Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Թորգոմ եպս. Տոնոյեան կը գրէ ՝
Այսօր, 4 Օգոստոս 2021, մեր զօրակցական ուշադրութիւնը, սրտագին աղօթքը եւ աշխատանքի եռանդը առաւելաբար կը կեդրոնացնենք աշխարհի ամէնէն հիւրընկալ երկիրներէն Լիբանանի վրայ, որ թէեւ փոքրիկ ու վիրաւոր, բայց մեծ է իր փորձով, աւանդով, պատմութեամբ, մշակոյթով եւ կենսախինդ մարդասիրութեամբ:
Տարի մը առաջ, այսօր, ահաւոր պայթիւն մը ցնցեց Պէյրութը եւ ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդը: Տակաւին բաց է՝ ժողովուրդին սրտին մէջ կոտտացող վէրքը, տեսանելի՝ հոգիին խոր ցաւը, անջնջելի ու արիւնող՝ մտքին մէջ հարկադրաբար տեղ գտած դառնագոյն յիշողութիւնը:
Որպէս Հայրապետական Աթոռ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոիսութեան Միաբան եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ, մասնաւորաբար Օգոստոս ամսուան ընթացքին մեր առաւելագոյն ճիգը պիտի թափենք, որ յանուն մեր Թեմին, օգնութեան ու մխիթարութեան եղբայրական խոնարհ ձեռք երկարենք մեր թանկագին եղբայրներուն ու քոյրերուն:
Այս առիթով, հեղ մը եւս կը խնդրենք Աստուծմէ, որ Իր Ս. Աջին հովանիին տակ պահէ Լիբանանի հերոսական ժողովուրդը: