image
Հրատապ լուրեր:

ԵԱՏՄ-ն նոր անդամներ պիտի ունենայ

ԵԱՏՄ-ն նոր անդամներ պիտի ունենայ

Մեր Միութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը բաւականին մեծ է, եւ այս առումով, կը կարծեմ, որ մենք կ'ընդլայնուինք նոր անդամներով, թերեւս նախ որպէս դիտորդ, իսկ հաւանաբար նաեւ լիարժէք հիմունքներով։ Այս մասին 21 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդի նախագահ Միխայիլ Միասնիկովիչը։

Ան վստահեցուցած է, որ Իրանի, Հնդկաստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Ինտոնեզիոյ հետ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագրի նախապատրաստմանն ուղղուած հետագայ միջազգային համագործակցութեան հարցերը բաւական յաջող կը մշակուին։

«Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) կողմէ եւս լուրջ հետաքրքրութիւն կայ ԵՏՄ-ի հետ աւելի սերտ համագործակցութեան հարցով»,-ըսած է ան։