Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Փոփիրքինը:
Վարչապետը նշած է, որ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն կը կրեն աշխոյժ բնոյթ, եւ յաւելած է, որ անոր մէջ մեծ է ՀՀ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան ներդրումը: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` երկու երկիրներու գործընկերներուն միջեւ առկայ են սերտ շփումներ, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի փոխգործակցութեան նոր ազդակ հաղորդելու գործին մէջ: Միաժամանակ, կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու դեսպաններուն հետ պարբերական հանդիպումները ու շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործին մէջ վերը նշուած ձեւաչափի կարեւորութիւնը:
Սերկէյ Քոփիրքինը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին դեսպանութեան գործունէութիւնը բարձր գնահատելու համար եւ շեշտած է, որ իրենց նպատակն է ընել ամէն ինչ` երկկողմ դաշնակցային ու եղբայրական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման նպաստելու համար:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման ու Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: