image

ԵԱՀԿ համանախագահ երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներուն յայտարարութիւնը՝ ԼՂ տագնապին մասին

ԵԱՀԿ համանախագահ երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներուն յայտարարութիւնը՝ ԼՂ տագնապին մասին

Համպուրկի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ նախարարական գագաթնաժողովի ծիրին մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` ՌԴ Արտաքին Գործերոց նախարար Սերկէյ Լավրով, ԱՄՆ պետքարտուղար Ճոն Քերի եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործերոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոն:

«Արմէնբրէս» կը հաղորդէ, որ յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ համանախագահող երկիրները լիովին յանձնառու են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային կարգաւորման:

«Հաշուի առնելով Ապրիլին շփման գիծի վրայ բռնութեան աճը` մենք մտահոգութիւն յայտնած ենք շարունակական զինուած միջադէպերու, այդ թուին՝ ծանր զինատեսակներու կիրառման առնչութեամբ, եւ խստօրէն կը դատապարտենք ուժի եւ անոր սպառնալիքի կիրառումը: Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ ոչ մէկ արդարացում կայ քաղաքացիական անձանց մահուան եւ վիրաւորման դէպքերու վերաբերեալ: Մենք նաեւ տեղեակ ենք ռազմաճակատին Ապրիլին տեղի ունեցած վայրագութիւններուն մասին, զորս մենք կը դատապարտենք ամենախիստ ձեւակերպումներով: Մենք կոչ կ'ուղղենք կողմերուն հաստատելու իրենց յանձնառութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման` որպէս տարածաշրջանի ժողովուրդներու միջեւ համերաշխությեան հաստատման միակ ճանապարհ: Մենք նաեւ կոչ կ'ուղղենք անոնց խստօրէն հետեւիլ 1994-1995 թուականներու հրադադարի համաձայնագիրներուն, որոնք հակամարտութեան գօտիին վրայ բռնութիւններու դադարեցման հիմնաւորումն են: Մենք կոչ կ'ուղղենք Պաքուին եւ Երեւանին յարգելու Մայիսի 16-ին Վիեննայի գագաթնաժողովին  եւ Յունիսի 20-ին Ս. Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովին ընդունուած համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ  ամրագրուած համաձայնութիւնները: Մենք կ'ողջունենք կողմերուն գրանցած առաջընթացը անհետ կորած անձանց վերաբերեալ տեղեկատուութեան փոխանակումը` Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հովանիին ներքոյ: Կոչ կ'ուղղենք կողմերուն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին առաքելութեան ընդլայնման հարցին շուրջ վերացնել բոլոր խոչընդոտները եւ առաջընթաց գրանցել ԵԱՀԿ հետաքննութիւն մեխանիզմի ստեղծման առաջարկին շուրջ: Առաջարկները պէտք է իրականցուին կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու անմիջապէս վերսկսման զուգահեռ: Մենք կը ցանկայինք կրկնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն մեր կոչը` ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ բանակցային սեղանին վերադառնալու`ընթացիկ աշխատանքային առաջարկների հիման վրայ դէպի կայուն խաղաղութեան հաստատում առաջ շարժելու նպատակով: Քանի դեռ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթաց չէ գրանցուած, վերսկսած բռնութեան հեռանկարները միայն պիտի մեծնան, իսկ կողմերը լիակատար պատասխանատուութիւն պիտի կրեն անոր համար: Կը յիշեցնենք կողմերուն, որ կարգաւորումը պէտք է հիմնուի Հելսինկիի Եզրափակիչ ակտի, մասնաւորապէս ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հաւասար իրաւունքներու հիման վրայ, ինչպէս նաեւ համանախագահող երկիրներու նախագահներու առաջարկած յաւելեալ տարրերու հիման վրայ, այդ թուին` Լեռնային Ղարաբաղին յարակից տարածքներու վերադարձ ատրպէյճանական վերահսկողութեան ներքոյ, Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակ, որ կ'ապահովէ անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին միացնող միջանցք, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակը սահմանող իրաւականօրէն պարտադիր կամարտայայտութիւն, ներքին տեղահանուած բոլոր անձանց եւ փախստականներու վերադարձ իրենց նախկին բնակութեան վայրեր եւ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ, որոնք կը ներառեն խաղաղապահութեան գործողութիւն: Մեր երկիրները պիտի շարունակեն սերտօրէն աշխատիլ կողմերուն հետ եւ մենք կոչ կ'ուղղենք անոնց ամբողջութեամբ օգտուիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու` որպէս միջնորդներու օժանդակութենէն: Համանախագահները պատրաստ են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը կազմակերպել այն ժամանակ, երբ անոնք պատրաստ կ'ըլլան: Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ նախագահները պէտք է բարի կամքով հնարաւորինս շուտ ներգրաւուին բանակցութիւններուն մէջ: Նախագահներուն միջեւ շարունակական եւ ուղիղ երկխօսութիւնը, որ պիտի իրականացուի համանախագահներու հովանիին ներքոյ, կը շարունակէ մնալ վստահութեան կառուցման եւ խաղաղ բանակցային գործընթացին մէջ առաջ շարժելու հիմնարար տարրը»,- ըսուած է համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան մէջ: