Ջուրը խնայելը ազգային անվտանգութեան հարց է։ Այս մասին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շրջակայ միջավայրի նախարարութենէն ներս գերատեսչութեան 2023 թուականի գործունէութեան հաշուետւութիւնը քննարկելու ժամանակ։
Փաշինեան անդրադարձած է ձկնաբուծարաններու գործունէութեան նոր կարգի ներդրման վերաբերեալ տնտեսվարողներու դժգոհութեան։
Նշենք, որ օրերս Արարատի մարզի ձկնաբուծական տնտեսութիւններու ներկայացուցիչները վաղ առաւօտէն բողոքի ցոյց ըրած էին կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքի մօտ եւ ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութենէն պահանջած էին յետաձգել Ջրային օրէնսգիրքի մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը, ըստ որու՝ Հայաստանի ձկնաբուծական տնտեսութիւնները, որոնք ջուր կը ստանան ստորգետնեայ հորատանցքերէն, պէտք է օգտագործեն միայն ջուրի շրջանառութեան խնայող համակարգեր։ Քաղաքացիները կը փորձէին իրենց դժգոհութիւնը յայտնել անձամբ Փաշինեանին, սակայն հնարաւոր չեղաւ։
«Ակնյայտ է, որ մենք պէտք է հետեւողական լինենք, չենք կարող մեր քաղաքականութիւնները ետ ու առաջ անել, մենք պէտք է գնանք առաջ: Դա էլ է հարց՝ մենք որքան ջուր ենք վատնում՝ որքան ձուկ արտադրելու համար, եւ այդ բալանսն ինչ արժէ: Մէկ այլ բան ասեմ. եթէ մեզ ձուկ անհրաժեշտ լինի, մենք կարող ենք այլ տեղից ձեռք բերել, բայց եթէ մեզ ջուր անհրաժեշտ լինի, մենք չենք կարող այլ տեղից այն բերել: Եւ սա ազգային անվտանգութեան հարց է»,–ըսած է Փաշինեանը:
Յիշեցնենք՝ Ջրային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը խորհրդարանը ընդունեց նոյեմբեր 22-ին։