Յառաջիկայ 5 օրերուն պարբերաբար հանրապետութեան առանձին շրջաններուն մէջ ձիւնի տեսքով տեղումները պիտի շարունակուին:
Տեղումներու քանակը այսօրուայ դրութեամբ` բացառութեամբ Արարատեան դաշտի, հանրապետութեան մեծ մասին մէջ կը կազմէ բնականի 150-200, առանձին հատուածներու մէջ` 210-230%-ը: Վերջին երեք օրերուն հզօր հանրապետութեան առանձին շրջաններուն մէջ դիտուած է մրցանշային քանակի ձիւն: Մասնաւորապէս Տաւուշի, Լոռիի, Սիւնիքի առանձին հատուածներուն մէջ 3 օրուայ ընթացքին ձիւնի ծածկը աւելցած է 60-70սմ-ով, իսկ առանձին բնակավայրերու մէջ հասած է 100սմ-ի եւ աւելին:
Մարտ 20-ին հանրապետութեան մեծ մասին մէջ սաստիկ բուքի պատճառով` շարք մը ճանապարհներ եղած են անանցանելի:
Վերջին 40 տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ Մարտ ամսուն նման ուժգնութեամբ եւ երկարատեւ ձիւնի առատ տեղումներ չեն արձանագրուած:
Մարտ 21-25-ին հանրապետութեան տարածքին ցիկլոնի ազդեցութիւնը պիտի պահպանուի, սակայն համեմատած Մարտի20-ի հետ` այն զգալիօրէն պիտի կորսնցնէ իր ուժը:
Յառաջիկայ 5 օրերուն պարբերաբար հանրապետութեան առանձին շրջաններու մէջ ձիւնի տեսքով տեղումները պիտի շարունակուին, լեռնային գօտիներուն մէջ կը սպասուի բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն:
Օդի ջերմաստիճանը յառաջիկայ 5 օրերուն առանձնապէս պիտի չբարձրանայ, այն պիտի շարունակէ կլիմայական բնականէն ցած մնալ մօտ 5-8 աստիճանով: