image

«Ձայն մը հնչեց, Էրզրումի հայոց լեռներէն».Վախճանեալ Տ. Վաչէ արք.ը ազգային երգի մեծ սիրահար(Տեսանիւթ)

 «Ձայն մը հնչեց, Էրզրումի հայոց լեռներէն».Վախճանեալ Տ. Վաչէ արք.ը ազգային երգի մեծ սիրահար(Տեսանիւթ)

 Համացանցի վրայ մեծ տարածում գտան օրերս վախճանեալ Գերշ. Տ. Վաչէ արք. Յովսէփեանի մասին տարաբնոյթ նիւթեր։

Նիւթեր, որ կը պատմէին Սրբազան հօր թողած աւանդին, անոր աշխատանքներու ու գործունէութեան մասին։

Ամէնէն ուշագրաւը սակայն դիմատետրի օգտատէր՝ Լորի Թաթուլեանի կողմէ հրապարակուած կարճ տեսանիւթն էր, որուն մէջ Սրբազան Հայրը ներկայ ըլլալով վերջինիս ծննդեան օրուան տօնախմբութեան ներկաներուն հետ երգած էր բոլորիս քաջ յայտնի «Ձայն մը հնչեց հայոց լեռներէն» յեղափոխական երգը։

 

 

Մեծ ոգի եւ եռանդ գոյացնող երգերը նոյնպէս ներշնչման աղբիւր են մանաւանդ երբ լսելի կը դառնան մեր կրօնական գործիչներու բերնով։

 Խօսքերն աւելորդ են անշուշտ եւ նման պարագաներու աւելի տեղին է տեսանիւթը հեղ մը նայիլը։

Յիշեցնենք, որ Լորի Թաթուլեան դուստրն է ԱՄՆ-ի մէջ երկար տարիներու հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած Տ. Տաթեւ աւ. քհնյ. Թաթուլեանին։

 

 Յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ վախճանեալ Սրբազանին, որ կարեւոր եւ մեծ աւանդ ունեցած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի կազմակերպման մեծ գործին մէջ։

 Յիշատակն արդարոց...

Նիւթը՝ «Արեւելք»ի