image

«Դու կորցրեցիր քեզ համար ամենակարեւոր պահը». էտկար Ղազարեանը Փաշինեանին

«Դու կորցրեցիր քեզ համար ամենակարեւոր պահը». էտկար Ղազարեանը Փաշինեանին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մեր հանդիպումը պիտի չկայանայ: Այս մասին կառավարութեան շէնքի մօտ ոստիկաններու հետ բանակցելէ ետք յայտարարած է Էդգար Ղազարեան, որ կ'ուզէր հանդիպիլ Փաշինեանի հետ՝ անոր ներկայացնելու հրաժարականի պահանջը։

«Նիկոլ Փաշինեանը, իմ տպաւորութեամբ, վախենում է այդ հանդիպումից»,-ըսած է Ղազարեան՝ իր խօսքն ուղղելով նաեւ Նիկոլ Փաշինեանին։

«Ես չէի եկել քեզ հետ անձնական հարցեր քննարկելու։ Դու, որ շատ լաւ գիտես՝ ինչ վիճակի ես հասցրել այս երկիրը, այս ժողովրդին,  դու կորցրեցիր քեզ համար ամենակարեւոր պահը՝ պարզ, մարդկային, շիտակ խօսքով լսել այն հիմնաւորումները, թէ ինչու պէտք է հեռանաս»,-ըսած է ան։

Էդգար Ղազարեան աւելցուցած է, որ աւելի ուշ պիտի ներկայացնէ իրենց յաջորդ քայլերը։