Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականի «Պէրպէրեան» ծրագիրի դասախօս դոկտ. Դաւիթ Զաքարեան հրապարակային դասախօսութեան մը ընթացքին պիտի խօսի հայկական Ոսկեդարու գրականութեան մէջ կիներու նկարագրութիւններու մասին։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականի «Պէրպէրեան» ծրագիրի դասախօս դոկտ. Դաւիթ Զաքարեան հրապարակային դասախօսութեան մը ընթացքին պիտի խօսի հայկական Ոսկեդարու գրականութեան մէջ կիներու նկարագրութիւններու մասին։
Բանախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Էլիս Փիթըրզ» սրահին մէջ (5245 N. Backer Ave.)։
Դոկտ. Զաքարեան նախապէս դասաւանդած է Օքսֆորտ համալսարանի Ասիական եւ միջին արեւելեան ուսմանց բաժանմունքին մէջ։ Ան դոկտորի իր կոչումը ստացած է Օքսֆորտ համալսարանէն։
Ներկայացման կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ «Զում»ի միջոցաւ, bit.ly/armenianstudiesyoutube կայքէջին վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։