image

Դմանիսիի մէջ. Վրացիներու եւ Ատրպէյճանցիներու միջեւ ծեծկռտուք

Դմանիսիի մէջ. Վրացիներու եւ Ատրպէյճանցիներու միջեւ  ծեծկռտուք

16 մայիսին, Վրաստանի Դմանիսի քաղաքին մէջ ատրպէյճանցիներու եւ վրացիներու միջեւ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է: Ինչպէս կ'երեւի քաղաքի խանութներէն մէկուն տեսախցիկին կողմէ արձանագրուած տեսանիւթով, տասնեակ անձեր ֆիզիքական բռնութիւն կիրառած են, ինչպէս նաեւ փայտեայ մահակներով, յայտնած է Aliq.ge-ն։

 

Դմանիսիի քաղաքապետ՝ Կիորկի Թաթուաշվիլիի յայտարարութեամբ, ծեծկռտուքը տեղի ունեցած է երիտասարդներու միջեւ եւ չէ ծագած ցեղային հողի վրայ: Սակայն հակառակը պնդած են ատրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչները, որոնց կարծիքով՝ ընդհարումը տեղի ունեցած է ազգային հողի վրայ:

 

Դմանիսի գտնուող խանութի վաճառողի խօսքով՝ բախումը սկսած է, երբ ան մերժած է խումբ մը երիտասարդներու պարտքով գարեջուր վաճառել:

 

Երէկ գիշերուընէ, Դմանիսիի շրջանային վարչութենէն ներս կ'ընթանայ հարցաքննութիւն: Դեռ հարցաքննուած են միայն ատրպէյճանական թեմի ներկայացուցիչները:

 

Վրաստանի Ներքին Գործոց նախարարութիւնը կատարուածի առնչութեամբ դեռ յայտարարութիւն չէ տարածած:

 

Լուրը՝« shantnews»-էն