image

«Դիմադրութեան» շարժման անհնազանդութեան գործողութիւնները կը շարունակուին

«Դիմադրութեան» շարժման անհնազանդութեան գործողութիւնները կը շարունակուին

«Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները այսօր առաւօտէն անհնազանդութեան գործողութիւններ, ինքնաշարժով երթեր իրականացուցած են Երեւանի փողոցներուն մէջ` պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումը: Բազմաթիւ փողոցներ փակուած են:

Նախօրէին «Դիմադրութիւն» շարժման համակարգող, ԱԺ փոխխօսնակ  Իշխան Սաղաթէլեան կոչ ըրած է քաղաքայիններուն երթեւեկութիւնը կազմակերպելու 15 կմ/ժ արագութեամբ, անով եւս մէկ անգամ  իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելով: