«Քովիտ»ի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Արման Նաւասարդեան։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է հայրենի «Թերթ.ամ» կայքը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Քովիտ»ով վարակուած Նաւասարդեան վերջին շաբաթներուն փոխադրուած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոց բուժումներ ստանալու համար։
Հանգուցեալը՝ 82 տարեկան էր։
Տարբեր երկիրներու մէջ, որպէս ՀՀ դեսպան գործած Նաւասարդեան կը սերէր Սովետական Միութեան դիւանագիտութեան մեծ դպրոցէն։
Ան շատ լաւ կը տիրապետէր Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական- ընկերային բազմաբնոյթ խնդիրներուն ու այդ մասին ալ յաճախ հանդէս կու գար վերլուածական-մեկնաբանական ելոյթներով։
Նաւասարդեանի կորուստով հայկական դիւանագիտական ոլորտը փորձառու դիւանագէտ եւ հայրենասէր գործիչ մը կորսնցուց։
Յարգանք իր յիշատակին։