image

Դերասանուհի Տիանա Չիլինկարեանի այցը Պոլսոյ Պէզճեան Վարժարան

Դերասանուհի Տիանա Չիլինկարեանի այցը Պոլսոյ Պէզճեան Վարժարան

Պէզճեան վարժարանի ընտանիքը, օրերս, հիւրընկալած է նախկին սան, դերասանուհի Տիանա Չիլինկարեանը, որ ընդառաջելով տնօրէնութեան հրաւէրին, վարժարանի սաներուն հետ ունեցած է մտերմիկ զրոյց մը՝ Համաշխարհային Տրամայի Օրուայ առթիւ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պէզճեան վարժարանի ընտանիքը նախընթաց օր հիւրընկալեց նախկին սան, դերասանուհի Տիանա Չիլինկարեանը։ Տիանան, ընդառաջելով տնօրէնութեան հրաւէրին, վարժարանի սաներուն հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց մը՝ Համաշխարհային Տրամայի Օրուայ առթիւ։

Տիանա Չիլինկարեան իր հմայիչ ձայնով պատմեց դէպի դերասանական արուեստ իր քայերու մասին, ըսաւ որ այդ ճամբան սկսած էր Պէզճեան Մայր Վարժարանի երդիքին տակ, ապա շարունակուած՝ Փերա Գեղարուեստական Լիսէ եւ Գատիր Հաս Համալսարանի մէջ։

Երիտասարդ դերասանուհին իր աշխատութիւններուն մասին ալ տեղեկութիւններ փոխանցեց ու զանազան յանձնարարութիւններ տուաւ անոնց, որոնք կը փափաքին դերասանութիւն կատարել ապագային։