image

Դէպի Պաքու չէզոք բժիշկներ ուղարկելու առաջարկ

Դէպի Պաքու չէզոք  բժիշկներ ուղարկելու առաջարկ

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի (ԵՊԲՀ) ռեկտոր՝ Արմէն Մուրատեանի Մոսկուա կատարած այցը մարդասիրական բնոյթ կը կրէ։ Ատրպէյճանական կողմի հետ քննարկումներու ժամանակ ան բարձրաձայնած է Պաքու պահուող հայ ռազմագերիներու առողջական վիճակին առնչուող հարցեր, առաջարկած՝ եթէ ոչ հայ, գոնէ չէզոք երկրի բժիշկներու խումբ  մը ուղարկել Պաքու՝ գերիներու վիճակի մասին հաւաստի տեղեկութիւններ ստանալու: Այս մասին ըսաւ ԵՊԲՀ աշխատակազմի ղեկավար՝ Շուշան Դանիէլեան։

Դանիէլեանի խօսքով՝ հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած մշակութային գործիչներ իրենց հերթին անդրադարձած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ մնացած խաչքարերու, կտաւներու եւ մշակութային այլ արժէքներու հետագայ ճակատագրին։

«Հայկական պատուիրակութեան այցը բացառապէս մարդասիրական է, քաղաքական բովանդակութիւն չունի։ Այցի նպատակն այն է, որ քաղաքական եւ մարդասիրական հարցերն իրարից տարանջատուեն, որովհետեւ քաղաքական հարցերը կարող են տարիներ տեւել, իսկ մարդասիրական խնդիրները սպասելու հրամայական չունեն։

Ի հարկէ, օրակարգային եւ ամենաառանցքային հարցը եղել է գերիների վերադարձի հարցը», - նշեց Դանիէլեան։

«Սփութնիք Արմենիայի» հաղորդմամբ՝ Մոսկուայի մէջ հայկական կողմէն հանդիպման մասնակցած են Յովհ. Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար՝ Ռուբէն Բաբայեան, Սթանիսլաւսքու անուան ռուսական դրամատիկական թատրոնի տնօրէն Մարիաննա Մխիթարեան, ռեժիսոր Յարութիւն Խաչատրեան եւ ԵՊԲՀ ռեկտոր՝ Արմէն Մուրատեան։

Ըստ տեղեկութիւններուն՝ Մոսկուայի հանդիպումը բաւական արդիւնաւէտ անցած է եւ չի բացառուիր, որ ան շարունակութիւն ունենայ։

Նիւթը՝ Aysor.am-կայքէն: