image

Դէպի Մոսկուա նամակ եւ աջակցութեան խնդրանք

Դէպի Մոսկուա նամակ եւ աջակցութեան  խնդրանք

31 Հոկտեմբերին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նամակ յղած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ մանրամասն ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ատրպէյճանաթրքական ռազմական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ առաջացած մարտահրաւէրները: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ-էն։

Նամակին մէջ, մասնաւորապէս, ընդգծուած է Մերձաւոր Արեւելքէն օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու տեղափոխման եւ վերջիններուս Լեռնային Ղարաբաղի դէմ մարտական գործողութիւններուն մէջ ներգրաւման հանգամանքը:

Հաշուի առնելով մարտական գործողութիւններու Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանին մօտենալու, ՀՀ տարածքի նկամամբ արդէն իսկ տեղի ունեցած ոտնձգութիւններու փաստերը՝ ՀՀ վարչապետը դիմած է ՌԴ նախագահին սկսելու անյապաղ խորհրդակցութիւններ՝ սահմանելու աջակցութեան տեսակները եւ չափը, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կրնայ յատկացնել Հայաստանի Հանրապետութեան իր անվտանգութեան ապահովման համար՝ հիմք ընդունելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները եւ  29 օգոստոսի 1997-ի «Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան մասին» պայմանագրի 2-րդ յօդուածը: