Յուլիս 4-ի նիստին Ազգային ժողովը սկսած է քննարկել «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Սէյրան Օհանեանի եւ Արծուիկ Մինասեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու միջնորդագրերը։
Միջնորդագրերը ներկայացուցած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը։ Ըստ անոր՝ քրէական վարոյթը կը վերաբերի «Սեւան ազգային պարկ» ՊՈԱԿ-ի տարածքին մէջ գտնուող պետական սեփականութիւն հանդիսացող 10,526 քմ հողատարածքին։
Միջնորդագրի համաձայն՝ Սէյրան Օհանեանը, 2010-2015-ին զբաղցնելով պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, ապօրինի զաւթած է բնութեան յատուկ պահպանուող այդ հողակտորը եւ ատոր վրայ պետական միջոցներով առանձնատուն կառուցած։ Դատախազի խօսքով, թէեւ առանձնատունը գրանցուած է Բենիամին Ղալեչեանի անունով, սակայն փաստացի այն կառուցուած եւ օգտագործուած է Սէյրան Օհանեանի ու անոր ընտանիքի կողմէ։ Որպէս հիմնաւորում՝ Վարդապետեանը ներկայացուցած է տուեալներ առանձնատան ձեւաւորման հարցով Օհանեանի կնոջ մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ հոսանքի եւ կազի վճարումներու մասին։
Արծուիկ Մինասեանին մեղադրանք նախատեսուած է առաջադրել նոյն գործողութիւններու պարունակին մէջ։ Ըստ դատախազի՝ Մինասեանը, զբաղցնելով բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնը, տեղեակ եղած է խախտումներու մասին, սակայն «խմբային շահերէ ելլելով» ոչ միայն միջոցներ չէ ձեռնարկած զանոնք վերացնելու ուղղութեամբ, այլեւ ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններու հիման վրայ ապահոված է յատուկ պահպանուող տարածքի մէջ կառուցապատման իրաւունքի տրամադրումը Սէյրան Օհանեանի հետ փոխկապակցուած անձին։
Քննարկման ներկայ չէ եղած Սէյրան Օհանեանը, որ բժշկական հաստատութենէ տեղեկանք ներկայացուցած էր, որ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը հիմք չէ ընդունած։ Ընդդիմադիր խմբակցութիւններն ալ պոյքոթած են նիստը՝ գրանցուելէ ետք լքելով դահլիճը։
Գլխաւոր դատախազը խորհրդարանէն խնդրած է երկու պատգամաւորի նկատմամբ միայն քրէական վարոյթ յարուցելու համաձայնութիւն տալ։ Նոյն նիստի օրակարգին վրայ էր նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան մէկ այլ պատգամաւորի՝ Արթուր Սարգսեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ անոր ազատութենէ զրկելու միջնորդութիւնը։