image
Հրատապ լուրեր:

Դատախազութիւնը կը պահանջէ նախկին նախարարէն բռնագանձել 20 միլիառ դրամ եւ գոյք

Դատախազութիւնը կը պահանջէ նախկին նախարարէն բռնագանձել 20 միլիառ դրամ եւ գոյք

«Հակակոռուպցիոն (զեղծարարութեան դէմ) դատարան»ը 2024 թուականի մայիս 23-ին վարոյթ ընդունած է Ընդհանուր դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:

Ընդհանուր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ ՀՀ Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, բնապահպանութեան նախկին նախարար Վարդան Այվազեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէն բռնագանձել՝

  • 3 անշարժ գոյք.
  • 2 փոխադրային միջոց.
  • 8 իրաւաբանական անձանց մէջ մասնակցութիւններ, բաժնեմասեր եւ բաժնետոմսեր.
  • 2 փոխադրային միջոցի միջին շուկայական արժէքին համարժէք գումար.
  • 2 միլիառ 632 միլիո 342 հազար դրամ, որ չի հիմնաւորուիր անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում, փոխանցուած է բարեխիղճ ձեռքբերողի կամ հնարաւոր չէ նոյնականացնել եւ բռնագանձել.
  • 18 միլիառ 593 միլիոն 643 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի օգտագործումէ ստացուած եկամուտի մնացորդ.
  • Շուրջ 101 միլիոն դրամի չափով տրուած փոխառութեան պահանջի իրաւունք: