image

Դաշնակահարուհի Նարէ Կարոյեան գերազանց կը մեկնաբանէ Գոհարիկ Ղազարոսեանի յօրինումները

 Դաշնակահարուհի Նարէ Կարոյեան գերազանց կը մեկնաբանէ Գոհարիկ Ղազարոսեանի յօրինումները

Շահան Արծրունիի հետ նամակագրական կապի մէջ եմ եւ շատ շնորհակալ եմ անոր՝ իր աջակցութեան համար: Իր միջոցով է, որ ես ծանօթացած եմ Գոհարիկ Ղազարոսեանի զարմուհիի՝ տիկին Սօնա Պետրոսեանի հետ, որ Փարիզ կը գտնուի եւ Շահանի միջոցով նոյնպէս ծանօթացած եմ անոնց ընտանեկան արխիւին՝ մասնաւորապէս Գոհարիկ Ղազարոսեանի ձեռագիրներուն եւ նամակագրութեան: Արծրունիի հետ, շիտակը ես համատեղ ծրագիրներ ունենալու շուրջ քննարկում չեմ ունեցած, կարծեմ այդ մէկը բաւական բարդ է, քանի որ ան ԱՄՆ կը բնակի: Բայց, ի հարկէ, շատ թանկարժէք կապ մըն է ինծի համար մեր նամակագրութիւնը:

 

2022 թուականի դեկտեմբերին Հոլանտայի «Piano Classics» ընկերութիւնը թողարկած է հայազգի երիտասարդ եւ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Նարէ Կարոյեանի վերջին խտասկաւառակը: Զայն կ՚ընդրգկէ պոլսահայ անուանի երգահան Գոհարիկ Ղազարոսեանի (1907-1967) 24 դաշնամուրային նուագները, որոնք ձայնագրած է Գերմանիոյ պետական ձայնասփիւռը՝ Նարէ Կարոյեանի կատարմամբ, որոնցմէ տասը հատը առաջին անգամ կը ձայնագրուին: Ասիկա իրադարձութիւն մըն էր. նախ՝ այն առումով, որ պոլսահայ երաժիշտ, դաշնակահար Գոհարիկ Ղազարոսեանին անունը անգամ մը հնչեց համաշխարհային մակարդակով: Երկրորդ՝ Նարէ Կարոյեանի նախաձեռնած այս աշխատանքին անդրադարձաւ արտասահմանեան մասնագիտական մամուլը: Խտասկաւառակը մեծ արձագանգ ունեցաւ թէ՛ արտասահմանի եւ թէ Հայաստանի մէջ: Հայաստանի մէջ անցեալ ամիս, կազմակերպութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), Երեւանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ խտասկաւառակին շնորհանդէսը եւ համերգ-զրոյց՝ Նարէ Կարոյեանի հետ:

Նարէ Կարոյեան ծնած է Երեւան, մեծցած է արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ: Ան երաժշտական ուսում ստացած է Եւրոպա եւ այժմ ալ կը բնակի Գերմանիա, ուր երաժշտական աշխարհէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ:

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած համերգ-զրոյցի ընթացքին ներկայացուեցան Գոհարիկ Ղազարոսեանը եւ անոր երաժշտութիւնը:

Երաժշտական այդ երեկոյին կը մասնակցէր նաեւ երաժշտագէտ Լուսինէ Սահակեան, երգերով հանդէս եկաւ սոփրանօ Մարիամ Կանայեան:

Այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցանք Նարէ Կարոյեանի հետ, որ սիրով պատմեց իր այս նախաձեռնութեան մասին:

*

-Սիրելի Նարէ՛, ինչպէս յայտնի է՝ Գերմանիոյ պետական ձայնասփիւռի մէջ ձեր կատարմամբ ձայնագրուած են պոլսահայ երաժշտահան Գոհարիկ Ղազարոսեանի 24 նուագները՝ գրուած դաշնամուրի համար, որոնցմէ տասը առաջին անգամ կը ձայնագրուէին: Արձագանգը մեծ է: Դուք, իբրեւ կատարող, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս ձայնագրութեան առթիւ եղած արձագանգը, ինչպէ՞ս ընդունուեցաւ անցած դարու պոլսահայ երաժիշտի մը գործի ներկայացումը:

Այո՛, արձագանգը բաւականին մեծ է եւ ես շատ ուրախ եմ այդ առթիւ: Արդէն կէս տարիէ ի վեր թողարկուած է ձայնագրութիւնը, որուն փաստօրէն այս պահի դրութեամբ անդրադարձած են զանազան երկիրներու մասնագիտական ամսագիրներ, թերթեր, ինչպէս նաեւ ձայնասփիւռներ, որոնց կարգին՝ Գերմանիոյ երկու տարբեր պետական ձայնասփիւռի կայանները, «Ռատիօ Ֆրանս»ը, Հայաստանի պետական ձայնասփիւռի կայանը: Կարեւոր էր նաեւ Գերմանիայէն, Լիւքսեմպուրկէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն մասնագիտական մամուլի անդրադարձը այս նիւթին:

 

-Գոհարիկ Ղազարոսեանին անունը կը թուի, թէ մոռցուած է: Արդեօք այս ձայնագրութեամբ քիչ թէ շատ մոռացութենէն դուրս դրուեցա՞ւ անոր անունը եւ ներկայացուեցաւ հայերուն եւ օտարներուն:

Իսկապէս, մինչ այս ձայնագրութիւնը Գոհարիկ Ղազարոսեանին անունը առցանց շատ հազուադէպ կը հնչէր եւ ձայնագրութիւնը ըլլալէն վերջ, հոն բաւական քանակութեամբ տեղեկատուութիւն կարելի է գտնել, ինչ որ շատ ուրախալի է, բնականաբար:

 

-Երեւանի մէջ հանդէս եկաք համերգով մը, որու ընթացքին հնչեցին Գոհարիկ Ղազարոսեանի գործերը, ինչպիսի՞ ընդունելութիւն գտաւ:

Մայիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած այդ ձեռնարկը՝ ձայնասկաւառակի ներկայացումը, կարծեմ թէ բաւականին հետաքրքրութիւն ստեղծեց: Ներկայ էին նաեւ մասնագէտներ՝ երաժշտագէտներ, երաժշտահաններ եւ այլն, որոնց հետ տեղւոյն վրայ զրոյց սկսաւ, հարց ու պատասխան տեղի ունեցաւ: Երաժշտագէտ Լուսինէ Սահակեան, որ ինծի հետ բեմին վրայ կը գտնուէր, պատմեց Գոհարիկ Ղազարոսեանի, որպէս կին երաժշտահանի եւ դաշնակահարի մասին, հնչեց Մարիամ Կանայեանի երաժշտական կատարումը: Ընդունելութիւնը լաւ էր, եւ Գոհարիկ Ղազարոսեանի անունը որոշ միջավայրի մը համար նոր ըլլալով՝ հետաքրքրութիւն յառաջացուց:

 

-Ծրագիրներ կա՞ն Գոհարիկ Ղազարոսեանի գործերը ներկայացնելու այլ երկիրներու մէջ եւ մա՛նաւանդ՝ անոր ծննդավայր Պոլսոյ մէջ:

Տարիներու ընթացքին ես Գոհարիկ Ղազարոսեանի ստեղծագործութիւններէն քանի մը հատը նուագած եմ համերգներու ժամանակ եւ այժմ ալ նոյնպէս պիտի շարունակեմ, եւ յաջորդ համերգը յունիսի 10-ին Գերմանիոյ մէջ է, ուր ելոյթ պիտի ունենամ գերմանացի երգչուհիի մը հետ: Ան պիտի կատարէ երգեր, որոնց բառերը գրուած են կիներու կողմէ եւ այդ ծրագրի ծիրէն ներս ալ պիտի կատարեմ նաեւ Գոհարիկ Ղազարոսեանէն երկու դաշնամուրային նուագ: Ես սիրով կը նուագեմ երգիչներու հետ, որովհետեւ ատիկա ուղիղ ձեւով կը կապուի շնչառութեան հետ, ինչ որ կարեւոր է այս արուեստի մէջ. առանց շնչառութեան անկարելի է ոչ մէկ բան եւ ատիկա կը կարեւորեմ իմ երաժշտութեան մէջ: Բան մըն է, որ ես սորված եմ երգիչներէ եւ այդ պատճառով շատ կը նուագեմ այս պահուն:

Ճիշդը՝ Պոլսոյ մէջ նուագելու ծրագիր մը չկայ, ես ոչ մէկ կապ ունիմ այնտեղի հետ, ոչ ոք կը ճանչնամ, եւ ատկէ զատ ալ, կան այլ պատճառներ, որոնք այս պահուն կը պահեն զիս՝ հոն համերգ մը ունենալու համար:

 

-Գոհարիկ Ղազարոսեանի աշակերտներէն այսօր ԱՄՆ-ի մէջ կը բնակի եւ կը ստեղծագործէ Շահան Արծրունին: Արդեօք կապ մը կա՞յ անուանի պոլսահայ երաժշտին հետ, եւ եթէ այո՝ կա՞ն համատեղ ծրագիրներ:

Շահան Արծրունիի հետ նամակագրական կապի մէջ եմ եւ շատ շնորհակալ եմ անոր՝ իր աջակցութեան համար: Իր միջոցով է, որ ես ծանօթացած եմ Գոհարիկ Ղազարոսեանի զարմուհիի՝ տիկին Սօնա Պետրոսեանի հետ, որ Փարիզ կը գտնուի եւ Շահանի միջոցով նոյնպէս ծանօթացած եմ անոնց ընտանեկան արխիւին՝ մասնաւորապէս Գոհարիկ Ղազարոսեանի ձեռագիրներուն եւ նամակագրութեան: Արծրունիի հետ, շիտակը ես համատեղ ծրագիրներ ունենալու շուրջ քննարկում չեմ ունեցած, կարծեմ այդ մէկը բաւական բարդ է, քանի որ ան ԱՄՆ կը բնակի: Բայց, ի հարկէ, շատ թանկարժէք կապ մըն է ինծի համար մեր նամակագրութիւնը:

 

-Այսօր միջազգային մակարդակով մեծ տեղ կը յատկացուի կին երաժիշտներու գործերու կատարումներուն, արդեօք մասնակի՞ց էք այդպիսի ծրագրի մը:

Ես, անշուշտ, ծանօթ եմ այդ միտումներուն: Անձամբ որեւէ ջանք չեմ գործադրեր՝ կանացի շարժումներու մէջ ներգրաւելու, իմ ծրագիրներէն որոշներ արդէն իսկ այդ նիւթերու շուրջ են, բայց ոչ թէ այն մտադրութեամբ, որ կիներու միտքերը, գաղափարախօսութիւնը առաջ տանիմ, այլ՝ իմ ծրագիրներս առաջինը արուեստի արժէք ունին ինծի համար: Այսինքն եթէ այդ նոյն ստեղծագործութիւնները տղամարդոց կողմէ գրուած ըլլային եւ ես որոշէի, որ ատոնք պէտք է նուագել, ապա կը նուագէի: Այդ է ինծի համար առաջին արժէքը:

 

-Դուք անձամբ կը ստեղծագործէ՞ք, ունի՞ք յօրինումներ:

Ոչ, ես չեմ ստեղծագործեր, կարծեմ թէ աւելի ուրախ եմ նուագելով ուրիշներու յօրինումները, որոնք ես շատ բարձր կը գնահատեմ:

 

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԵՐԱԺԻՇՏԸ

Գոհարիկ Ղազարոսեան ծնած է Պոլիս, 1907 թուականին: 1926 թուականին ան իր հօր եւ քրոջ հետ Փարիզ կը տեղափոխուի՝ ուսանելու, կ՚ընդունուի Փարիզի երաժշտանոցը: Ղազարոսեան ուսանած է ժամանակի անուանի երաժիշտներու քով, վերադարձած է Պոլիս, ուր դասաւանդած է, բայց յաճախ կրկին Փարիզ գացած է՝ հոն մնացած իր քրոջ քով:

1934 թուականէն սկսեալ Ղազարոսեան համերգներով հանդէս եկած է Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներու եւ ԱՄՆ-ի մէջ։ Կատարած է հնագոյն վարպետներէն մինչեւ նորագոյն ստեղծագործողներու գործեր, այդ կարգին՝ Կոմիտասի եւ իր սեփական գործերը։ Գրած է սենեկային երաժշտութեան ժանրի գործեր, դաշնամուրային համանուագներ, ստեղծած է այլ ժանրերու երաժշտութիւն: Տպագրուած են Գոհարիկ Ղազարոսեանի դաշնամուրային 24 նուագները, Կոմիտասի՝ 1913 թուականին հաւաքած ժողովրդական երգերէն քսան հատին դաշնամուրային շարադրութիւնը, աշուղական երգերու մշակումներ եւ այլն։ Մահացած է Փարիզ։ 2021 թուականին անոր արխիւը յանձնուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին: Ըլլալով երաժիշտ, Գոհարիկ Ղազարոսեան նաեւ գրած է, մանաւանդ Կոմիտասի մասին նիւթեր ունի տպուած օրուայ մամուլին մէջ:

1958 թուականին Փարիզի «Յառաջ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Գոհարիկ Ղազարոսեանի մէկ գրութիւնը՝ «Ուխտագնացութիւն մը դէպի Քէօթահիա» խորագրով: Կու տանք այդ գրութիւնը՝ նկատի առնելով նաեւ, որ իբրեւ կոմիտասեան արուեստի յետնորդ, Գոհարիկ Ղազարոսեան իր այս գրութեամբ կը պատմէ դէպի մեծն Կոմիտասի ծննդավայր կատարած իր ուխտագնացութեան մասին։

 

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՔԷՕԹԱՀԻԱ

ԳՈՀԱՐԻԿ ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆ

1957 տարին մեր պատմութեան խորունկ էջերը վերապրիլ տուաւ ինձ:

Նախ Պոլիս՝ երաժշտագէտ Սարգիս Թադոսեանի այրին սրտաբուխ ժէսթ մը կը կատարէր ինծի՝ նուիրելով իր ամուսնոյն երաժշտական գիրքերն ու ձեռագիրները: Երբ կը բանայի տրցակը, կը գտնէի Կոմիտասի կողմէ նուիրուած դաշնակի հրահանգներու տետր մը. «Բարեկամական յիշատակ Սարգիս Թադոսեանի, Իզմիր, 1915»: Նօթերու առընթեր՝ Թադոսեանի անգլերէնէ հայերէն թարգմանութիւնը կար:

Բայց ամենէն աւելի զիս յուզողը՝ դողդոջ, տժգոյն, վիրաւոր ձեռագիր մըն էր. «Կռունկ, ուստի՞ կուգաս», որուն քով կ՚երեւէր մեծ արուեստագէտին կողմէ գրուած՝ «Գրի առաւ եւ դաշնակեց Կոմիտաս վարդապետ»:

Յետոյ «Բամ փորոտան»ը, «Անձինք նուիրեալք» շարականը 76 մէթրոնոմի նշանով, հայկական պատարագին սկզբնաւորութիւնը: Իսկ մնացեալ ձեռագիրները կը պատկանէին Թադոսեանի, որ հեղինակած է կարգ մը մեներգներ եւ խմբերգներ՝ շատ յաճախ իր ոտանաւորներուն վրայ:

Անցեալ տարի, աշնան սկիզբը, վերյիշելով Տաքսի ջերմուկները, կը բացատրէի մեր քէօթահիացի Ֆիլոյին, թէ ինչպէ՛ս անոնք բարերար ազդեցութիւն մը կ՚ունենան հիւանդներուն վրայ:

-Ա՜խ, օրիորդս, ըսաւ, դուն Քէօթահիոյ բաղնիքներն ու ցեխի տաք բաղնիքները տեսնելու էիր:

Այդ ըսածը բաւական էր, որպէսզի երեկոյ մը, ժամը 20-ին Հայտար-Փաշայէն կառախումբ նստէինք Ֆիլօն եւ ես: Առաւօտեան ժամը 5-ին կը հասնէինք Էսկիշէհիրի արդիական ոճով հսկայ կայարանը: Հոն մեզ դիմաւորելու եկած էր ծանօթ դեղագործ մը, որ մեզի տաք «սալէպ» հրամցնելէ ետք, մեզ կ՚առաջնորդէր դէպի Քէօթահիա մեկնող փոքր շոգեկառք մը:

Ժամը 9-ին կը հասնէինք։ «Լանտօ», սեւ կառքեր կը սպասէին ճամբորդներուն: Տղայութեանս միայն տեսած էի նման կառքեր, այնպէս որ Պոլսէն եկած ըլլալ կը թուէին ինձ: Հակառակ մեր փափաքին՝ բարեկամ դեղագործը թոյլ չտուաւ որ պանդոկ իջեւանէինք: Ու մեզ ընդունեց իր նորաշէն բնակարանին մէջ, ուր երկու անկողինով լուսաւոր սենեակ մը պատրաստուած էր: Իր կինը՝ լռակեաց ու գեղեցիկ չէրքէզուհի մը, շալվարով, գլուխը շղարշով ծածկած, մեզի թէյ կը սպասարկէր: Շուրջը կը դառնային հինգ զաւակները, որոնց մեծերը՝ 10 եւ 12 տարեկան աղջիկներ, ինծի ցոյց կու տային իրենց դասագիրքերը եւ երաժշտական տետրակները: Աղջնակներէն մէկուն գիրը ուշադրութիւնս գրաւեց իր բացառիկ գեղեցկութեամբ: Դասարանին առաջինը, տասը միջինով:

«Դուք՝ քէօթահիացիներդ կրնաք հպարտանալ ըսի, մեծատաղանդ երաժիշտ, երգահանով մը, զոր ձեր քաղաքը տուեր է միջազգային աշխարհին: Ձեր յախճապակիները նշանաւոր պատմութիւն մը ունին թէ՛ Եւրոպայի, թէ՛ Ամերիկայի մէջ»:

Դեղագործ իրենց հայրը, խօսքերէս խանդավառուած, խոստացաւ տեղեկութիւններ քաղել Կոմիտասի մասին:

Նոյն օրը կառապանը կը ղրկէր ըսելով. «Պարոնը ձեզի կը սպասէ ազգային մատենադարանին մէջ, տնօրէնին սենեակը»:

Շունչ մը առի, խորհելով, որ պահիկ մը առանձինն պիտի կրնայի դիտել Քէօթահիոյ փողոցները:

Սեւ ակնոցներս դրած՝ փնտռեցի.. եկեղեցի ու տեսայ քաղաքին կեդրոնը հատ մը, ազնուական կեցուածքով, ժամացոյցով եւ զանգակատունով, որոնք լռեր էին ալ:

Ընդհանուր տնօրէնը, տարեց, քաղաքավար, կը հարցնէր, թէ ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար ըլլալ.

-Կը փափաքիմ գիտնալ, թէ Կոմիտաս վարդապետի մասին որեւէ արձանագրութիւն ունի՞ք:

-Դժբախտաբար, ոչինչ ունիմ: Միա՛յն հայերէն գիրք մը տեսած եմ, իր կենսագրականով եւ նկարներով:

-Պարոն, Կոմիտասի երգերն ու իր մասին գրութիւնները ունիմ, այժմ կը հետաքրքրուիմ իր շրջանի մշակութային մակարդակով:

-Շատ պատուական հայ բարեկամներ ունեցած եմ, մին՝ այժմ Լիոն հաստատուած, ճանչցած է Կոմիտասը, մենք սովոր էինք ամէն շաբաթ երեկոյ, իրենց տան մէջ, գործիքներով եւ դաշնամուրով՝ եւրոպական երաժշտութիւն ընելու: Ես ալ ջութակ կը նուագէի: Այսօրուան Քէօթահիան չի կրնար գաղափար մը տալ ձեզի հին Քէօթահիոյ մասին:

Արտօնեցէ՛ք, որ մեր որմնադիրը՝ Սարգիսը կանչեմ, կարելի է ճանչցած ըլլայ Կոմիտասը:

Եւ ներս եկաւ Սարգիսը՝ ծեր, բայց ժպտադէմ, ծեփը ձեռքին, գործաւորի հագուստով:

-Նստէ՛, Սարգիս եւ մեզի ըսէ՛, թէ Կոմիտասի մասին ի՞նչ գիտես:

-Ի՜նչ մարդ էր, ի՜նչ ոսկի ձայն ունէր: Կարծէս ջուրի մը պէս կը բխէր տասը հոգիի բերնէ, այնքա՜ն հարուստ եւ ուժեղ ձայն էր: Յետոյ… գիտէ՞ք, եւրոպացիները իր կոկորդը գնել ուզեր են երկու հազար հինգ հարիւր ոսկիի: Այդ առաջարկը ահ ու դող պատճառեր է իրեն եւ խելքը կորսնցուցեր է:

-Իր ազգականներէն ո՞վ մնացած է հոս, հարցուցի:

-Միհրան Քէօյիօղլուն, անոր կինը, զաւակը եւ Կոմիտասի մօրաքրոջ աղջիկը, որ ֆապրիքան կ՚աշխատի:

Պարոն դեղագործին հետ գացինք Քէօյիօղլուենց տունը: Տեսայ տիկինը, թրքախօս, որ պատմեց, թէ Եղեռնի տարիներուն Կոմիտասի վերաբերեալ գիրք ու թուղթ ստիպուեր էին այրել, հիմա ոչինչ ունէին իրենց մօտ, բացի «Թէոդիկի տարեցոյց»էն, ուր Կոմիտասի նկարը կ՚երեւէր իր կենսագրականով: Մօրաքրոջ աղջիկը, թախծոտ աչքերով ծեր գործաւորուհի մը, ցոյց տուաւ Կոմիտասի ծնած ու ապրած տունը, իրենց տան մօտիկ: Հայ քահանային տան դիմացն էր, երկաթէ տառով եւ իր շինութեան տարին նշող՝ երկաթեայ, անջնջելի տառերով:

Մեկնումիս նախօրեակին, մեր տանտէրը հրաւիրեց բոլորը, եւ ես տեսայ Միհրան էֆէնտին, որ հայախօս էր, եւ իր որդին՝ քսանվեցամեայ երիտասարդ մը, որ աչք ծակող նմանութիւն մը ունէր Կոմիտասի հետ:

Երկար նայեցայ իր բարի աչքերուն եւ լայն, պայծառ դէմքին: Րատիոյի եւ ելեքտրական մեքենաներու քաջ մասնագէտ էր եւ շատ սիրուած՝ Քէօթահիոյ մէջ:

Շնորհապարտ զգացի ինքզինքս ի դիմաց բարեկամ դեղագործին, որ այդքան նուիրումով ուզեց ինծի օգտակար ըլլալ:

Օր մըն ալ կ՚առաջնորդէր զիս մօտակայ սրճարան մը, ուր նստած էր կլկլակը բերանը, թաւ պեխերով ծերունի մը:

-Քէլլէճեան էֆէնտի, քեզի կը ներկայացնեմ Պոլսէն օրիորդ մը:

-Անունդ ծանօթ է ինծի, բայց ի՞նչ գործ ունիս Քէօթահիոյ մէջ, ըսաւ:

-Մեր քէօթահիացի Ֆիլօ Քըլըճեանի հետ եկած եմ: Նախ ջերմուկները տեսնելու, յետոյ Կոմիտասի մասին տեղեկութիւններ քաղելու: Պարոն Ա…ը եղբօրս բարեկամն է ու մեզ իր տան մէջ հիւրասիրեց:

-Աղէկ, հիմա հասկցայ: Գալով Կոմիտասին՝ հայրս իմանալով իր ձայնը, պատճառ եղած է Էջմիածին ղրկուելուն 1910-ին: Երբ ուսանողութենէն ետքը, վերադարձած է Քէօթահիա, երգահանդէս մը կազմակերպած ենք, հարիւրէ աւելի տղաք ժողվելով եւ երգեցիկ խումբ կազմելով: Անմոռանալի տպաւորութիւն մը պահած եմ այդ հանդէսէն: Վարդապետը շէն ու կատակախօս էր: Զիս շատ կը սիրէր, միասին անտառ կ՚երթայինք, ուր կ՚ընտրէր, իբրեւ թիկնաթոռ, ծառի մը բունը: Մէկ հատին վրայ փորագրեալ կը մնայ իր անունը: Երբ երգէր, անտառը կը դողար, հովն ու ջուրն ալ իրեն ընկերակից կ՚ըլլային:

Ես տեսայ այդ անտառը, որ կը կոչուի «Չամլըճա»: Անհամար ձորերէ կը բարձրանան չքնաղ ու սլացիկ այդ եղեւնիները: Ականջ տալով ջուրերուն ձայնին՝ քալեցի կախարդական այդ արահետէն, երեւակայելով Կոմիտասը եւ վերյիշելով իր դաշնաւորումները, ուր յստակ կը լսուէին ձայները հովին, թռչունին եւ առուակին: Բարձրաբերձ եղեւնիները, խոկումով լի, զիս կը կախարդէին ու գրեթէ ինքնամոռաց՝ դեռ պիտի շարունակէի դէպի վեր բարձրանալ, երբ նշմարեցի Ֆիլօ ճանս, որ, ան ալ, իր տարիքն ու յոգնութիւնը մոռցած, աղջիկներուն հետ պար մը կը դառնար:

Լուսինը ելած էր, պահն էր անդիմադրելի եւ ուժեղ՝ հայրենի հողին նման:

Երբ «Ըլըճայ»ի ջերմուկները գացինք, Ֆիլօն նոյն այդ թափով՝ նետեց հագուստները վրայէն եւ շապիկով ջուրը նետուեցաւ, լողալով մանկամարդ կնոջ մը նման, այդ տաք լճին մէջ: Աւազափի (փլաժ) տպաւորութիւն կու տան այդ բացօթեայ լիճերը, որոնց մէկը կը կոչուի «Կէլին եութան»: Տաք եւ աւազոտ ջուրերը, ձգուած բնական վիճակի մէջ, յաճախ կը դառնան վտանգաւոր: Լիճերէն մին, ջինջ ու մաքուր, կը ծառայէ վերջին օճառը ընելու: Այդպէս տեսայ գեղեցիկ հարս մը, որ միայն վիզին ոսկիները պահած՝ կ՚օճառուէր այդ տաք լճին կողքին, կեսուր մը մօր ներկայութեան:

Արդիականը ու նախնականը շատ ալ հեռու չեն իրարմէ…

Պարոն դեղագործը վերջին գիշերը տուն բերաւ ծեր աշուղ մը, «Պաղլամա»ն ձեռին: Երեք թելով այս «քէմէնչէ»ն հնչեց երկար, հնչեց անոյշ, սենեակին մէջ: Այդ փոքր գործիքով՝ խոշոր անտառը կը ձայնէր ականջիս:

Սիրոյ երգ մը ուզեց երգել: Յոգնած էր ձայնը. «Մեղք, որ քսան տարի առաջ չեկար, կ՚ըսէր, ձայնս այլեւս չ՚ելլեր»:

-Ո՞ւր են այդ երգերուդ նօթերը, հարցուցի:

-Նօթը ի՞նչ պիտի ընեմ, պատասխանեց, անոնք սրտիս վրայ գրուած են:

Պոլիս վերադառնալէս ետքը, կը ստանայի «Քէօթահիոյ պատմութիւնը» 1925-ին տպագրեալ, մեծածաւալ հատոր մը թուրք պատմագէտի կողմէ, որուն առաջին մասը նուիրուած է (Քրիստոսէ առաջ) յունական շրջանէ մնացած յիշատա-կարաններուն նկարագրութեան…

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս