image

Դասեր քաղեցէք Աֆղանիստանէն. Լաւրովը՝ ամերիկացիներուն

Դասեր քաղեցէք Աֆղանիստանէն. Լաւրովը՝ ամերիկացիներուն

ԱՄՆ-ն պէտք է դասեր քաղէ Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն: «ՌԻԱ Նովոստի»-ի հաղորդմամբ՝ նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

«Մեր արեւմտեան գործընկերները միշտ կ'ուզեն միաւորել ջանքերն ու համատեղ պատասխաններ գտնել, սակայն այնուամենայնիւ, դասեր պէտք է քաղել Իրաքէն, Լիպիայէն եւ այժմ ալ Աֆղանիստանէն ետք: Արժէքներու օտար համակարգը պարտադրելու փորձերը բաւականին պայթիւնավտանգ են»,- ըսած է Լաւրովը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:

«Մեծ յոյսեր ունիմ, որ այս անգամ՝ արդէն երրորդ անգամէն, հնարաւոր կ'ըլլայ ամրապնդել այդ եզրակացութիւնը քաղաքական գործիչներու գիտակցութեան մէջ, որոնք կը դիտարկեն իրենց հետագայ գործողութիւնները օտար տարածքներու մէջ»,- աւելցուցած է Լաւրով: