image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոսի մէջ. Մահացած է Սաիտա Նաում-Պահէն. Հանգուցեալը Գերյ. Հայր Գէորգ. Վրդ. Պահէի մայրիկն էր

  Դամասկոսի մէջ. Մահացած է Սաիտա Նաում-Պահէն. Հանգուցեալը Գերյ. Հայր  Գէորգ. Վրդ. Պահէի  մայրիկն էր

Օրերս Դամասկոսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Տիրամայր Սաիտա Նաում-Պահէն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսէն։

Հանգուցեալը մայրիկն էր Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժրաջան միաբաններէն՝ Գերյ. Հ. Գէորգ վրդ. Պահէին։

Ստորեւ Տիրամայր Պահէին մասին լոյս տեսած մահագրութիւնը՝

Համայն Պահէ եւ Նաում, ընտանիքները կը գուժեն ՍԱԻՏԱ ՆԱՈՒՄ ՊԱՀԷ-ի մահը, որ տեղի ունեցաւ 7 յուլիս 2024 յետ կարճատեւ հիւանդութեան։

Ցաւակցութիւն պիտի ընդունուի այսօր եւ վաղը 7 եւ 8 յուլիս Ս։ Աստուածածին հայ առաքելական եկեղեցւոյ սրահէն ներս երեկոյեան ժամը 5 մինչեւ 8:

 

 Մեր խորին ցաւակցութիւնները։