image

Ցուցարարները հասան ԵՊՀ-ի շրջափակ. Բերման ենթարկուած է 70 քաղաքացի

Ցուցարարները հասան ԵՊՀ-ի շրջափակ. Բերման ենթարկուած է 70 քաղաքացի

 

 

Բերման ենթարկուած է 70 քաղաքացի 

 

Երկուշաբթի առաւօտ ընթացք առած բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին Երեւանի քաղաքի կարեւոր կէտերուն մէջ։Առաւօտեան վաղ ժամերէն փակուած են տասնեակ ճանապարհներ, միւս կողմէ ըստ ոստիկանութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան բողոքի գործողութիւններու ժամանակ բերման ենթարկուած են 70 քաղաքացիներ։ 

Այս պահուն ցուցարարներու պատկառելի խումբ մը հասած է Երեւանի Պետական Համալսարանի փակ ուր ընդդիմադիր գործիչներ՝ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գեղամ Մանուկեան եւ Արթուր Վանէցեան  հանդէս եկած են խօսքերով։ 

 Կը նշուի նաեւ, որ ԵՊՀ-ի Թրքագիտութեան ամպիոն ղեկավար Ռուբէն Մելգոնեան նոյնպէս միացան է ցուցարարներուն։