Ցորենի համաշխարհային գիները շարունակած են աճիլ Սեւ ծովուն մէջ ռուսական ռազմանաւի եւ հրասայլերու վրայ ծովային անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումէն ետք: Այս մասին երկուշաբթի՝ 7 օգոստոսին, յայտնած է Bloomberg-ը։
Այսօր՝ առուվաճառքի սկիզբէն, Շիքակոյի մէջ արժեթուղթերը աճած են 3,4%-ով՝ մինչեւ 6,545 տոլար ցորենի մէկ պուշելի համար։ Ուրբաթ նոյնպէս գիները եղած են բարձր:
Գործակալութիւնը յիշեցուցած է, որ Ռուսիա իր հացահատիկի մեծ մասը կը տեղափոխէ ջրային ուղիներով։ Այս տարի Մոսկուան կը նախատեսէ մրցանշային ծաւալի բերքը, որ պիտի վաճառէ համաշխարհային շուկային մէջ։
«Սեւ ծովուն մէջ վտանգը օրէ օր կ'աճի, եւ ռուսական արտահանման որեւէ սպառնալիք շատ աւելի լուրջ է, քան ուքրանական արտահանման միջանցքի սպառնալիքը», -ըսած է IKON Commodities-ի գործակալ եւ խորհրդատու Օլէ Հաուէն:
Աղբիւրը յիշեցուցած է, որ ռուսական նաւերու վրայ յարձակումներն աւելի յաճախակի դարձան այն բանէն ետք, երբ Ռուսիան դուրս եկաւ հացահատիկի գործարքէն, սկսաւ գնդակոծել ուքրանական նաւահանգիստները։
Հացահատիկի գործարքէն Ռուսիոյ դուրս գալը վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին առաջին անգամ առաջացուցած է պարէնային ապրանքներու համաշխարհային գիներու աճ։