image

Ցնցուած եմ...

  Ցնցուած եմ...

Ամերիկահայ գրող՝  Մինաս Գոճայեան կը գրէ՝ 

Տիրանն ու ես մեր հայրական կողմէն երկու եղբայրներու թոռներ ենք։ «Սարգիսեան» մականունին «Սարգիսը» մեր ընդարձակ գերդաստանի նախահայրն է։ Մենք Չորք-Մարզպանցի ենք։ Այնպէս որ իր եղբայրներուն՝ Յովհաննէսին, Արամին եւ Արմէնին չափ ես ալ ցաւ զգացի մանաւանդ որ անցեալ տարուայ Մայիսին մենք հանդիպեցանք...Հիմա կատարուած տխուր իրականութեան մէջ կը գտնուինք եւ կրնամ երեւակայել թէ որքան խոր յուզմունքի եւ ցնցումի մէջ են հիմա իր կողակիցը, զաւակները, եղբայրները...Շատ, շատ կանուխ էր այս մեկնումը— feeling pained.

Խոր ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ իր մտերիմներուն իր սիրած թատերախումբին եւ բոլոր թատերասէրներուն։

Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ ըլլայ թող։

Սիրելի եղերաբախտ Տիրան, վերը ինքզինքդ գտնելուն պէս մտածէ թատերախումբ մը կազմելու մասին եւ ներկայացնել «Մարդկային ողբերգութիւն»ը։ 

(Տէր եւ Տիկ. Մինաս Գոճաեան եւ զաւակունք, Լոս Անճելըս)