Միացեալ Նահանգներ-(The Washington Post-ԱՄՆ) Ամերիկեան CIA-ը 25 տարի շարունակ լրտեսած է Գոլոմպիացի աշխարհահռչակ գրող Կապրիէլ Կարսիա Մարքէզը: Այս մասին գրած է The Washington Post պարբերականը, որ նաեւ յայտնած է, թէ Մարքէսը լրտեսելու որոշումը տրուած է CIA-ի Էտկար Հուվըրին կողմէ: Լրտեսումը եւ հետապնդումները սկիզբ առած են 1961-ին, երբ Մարքէս ԱՄՆ հասնելով որպէս լրագրող աշխատակցած է Prensa Latina (Քուպա) լրատուական գործակալութեան: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ CIA-ի մօտ Մարքէսի մասին 137 էջերէ բաղկացող գաղտնի թղթածրար մը կայ: Նշենք, որ այդ շրջանէն սկսեալ Մարքէսին արգիլուած էր ԱՄՆ մուտք գործել եւ միայն նախագահ Պիլ Քլինթընի օրոք այդ արգելքը վերացաւ: Քլինթըն, որուն նախընտրելագոյն վէպը ՝ «Հարիւր Տարուան Մենութիւն»ն է, քանիցս խօսած է Մարքէսի արժէքաւոր գրող մը ըլլալուն մասին: Ըստ թերթին Մարքէսի Քուպայի առաջնորդ Ֆիտէլ Քասթրոյի հետ ունեցած մտերմութիւնը եւս պատճառ հանդիսացած է, որ Մարքէս անբաղձալի տարր համարուի CIA-ին համար: