Չինաստանի Ժողովրդաազատագրական բանակը Փեքինի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր զօրահանդէսի ժամանակ առաջին անգամ ցուցադրած է հրթիռներ, որոնք կը ներկայացնեն երկրի ռազմավարական միջուկային «եռեակը»։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ի թղթակիցը։
Զօրահանդէսի ընթացքին ցուցադրուած են «Ցզինլեյ-1» մեծ հեռահարութեան օդային հրթիռը, «Ցզիւլան-3» ստորջրեայ միջմայրցամաքային հրթիռը, ինչպէս նաեւ «Տունֆէն-61» եւ «Տունֆէն-31» վրաերթային միջմայրցամաքային հրթիռները։
Հանդիսաւոր զօրահանդէսի աւարտին հրապարակի երկինք բարձրացած են 80.000 աղաւնի եւ 80.000 օդապարիկ։
Միջոցառման ներկայ եղած են աւելի քան 20 պետութիւններու ղեկավարներ, այդ շարքին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։